Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկ Տագէսեանի ներածութեամբ, թարգմանութեամբ ու ծանօթագրութեամբ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2020-ին լոյս տեսաւ «Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հաճընի որբանոցը (1919-1920)» հատորը, բաղկացած` 288 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած է Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ, իր ծնողաց` Տէօվլէթ եւ Էօժենի Պապահէքեաններու յիշատակին:
Եղեռնէն վերապրած տարագիր հաճընցիներու առաջին վերամուտը ծննդավայր կ՛արձանագրուի 25 մարտ 1917-ին: Յուլիսին արդէն քաղաքին բնակչութեան թիւը հասած էր վեց հազարի:
Հաճընի մէջ սկսան գործել Նիր Իսթ Ռըլիֆի, մենոնայթներու եւ ՀԲԸՄ-ի որբանոցները:
ՀԲԸՄ-ի որբանոցին եւ հիւանդանոցին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 14 դեկտեմբեր 1919-ին:
Հաճընի եւ շրջակայ բնակավայրերուն միջեւ յարաբերութիւնները քշուեցան 1920 մարտին եւ քաղաքին վրայ թուրք չեթէներու յարձակումները սկսան:
Հաճընի ինքնապաշտպանութեան բարձրագոյն ժողովը եւ վերին հրամանատարութիւնը քաղաքը գլխաւոր չորս դիրքերու բաժնեցին:
ՀԲԸՄ-ի Հաճընի որբանոցին տոմարին համաձայն, հոն պատսպարուած էին 210 որբեր: ՀԲԸՄ զօրաշարժի ենթարկած էր նիւթապէս բարեկեցիկ հայեր, որոնք ստանձնելով որբերուն նիւթական բարերարութիւնը, սատարեցին որբախնամի առաքելութեան:
Հաճընցիներու հերոսական գոյամարտը շարունակուեցաւ մինչեւ 15 հոկտեմբեր 1920, երբ թուրքեր գրաւեցին քաղաքը եւ անխնայ կոտորեցին ժողովուրդը: Ջարդուեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի որբանոցին որբերը եւ հիւանդանոցի պաշտօնէութիւնը: Յաջորդող օրերուն շատ փոքրաթիւ հաճընցիներ եւ անոնց շարքին` որբանոցէն ինը որբեր յաջողեցան անցնիլ ֆրանսական գրաւման գօտին:
Հաճընցիք 1931-ին Պէյրութի հիւսիսային մուտքին հիմնեցին Նոր Հաճընը:



