Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասնագիտական. Թէ Ինչո՞Ւ Վարազօձերուն Սրտին Չափը Կը Կրկնապատկուի Որսը Ուտելէն Ետք

February 28, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011 հոկտեմբերի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ իւրաքանչիւր որս ուտելէ ետք վարազօձերուն արեան մէջ եղող ճարպային թթուներուն ու ճարպերուն բարձր տարողութիւնները գրեթէ կը կրկնապատկեն անոնց սրտին չափը:

Վարազօձերը կը պատկանին պոաներու ընտանիքին. անոնք հսկայ օձեր են եւ իրենց որսը կ՛որսան` առանց թունաւորելու զանոնք: Վարազօձերը հազուադէպօրէն որսացող սողուններ են. այլ խօսքով, անոնք երկար ատեն ոչինչ կ՛ուտեն, սակայն երբ որսան, մեծ տարողութեամբ կ՛ըլլայ որսը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` մասնիկներու ամերիկացի կենսաբան Լեսլի Լէյնուենտ բացատրած է, թէ երկար ատեն անօթի մնալէ ետք յանկարծ մեծ տարողութեամբ որս ուտելը ուշագրաւ կերպով խախտած է վարազօձերուն մարմնին փոխարկական աշխատանքներուն ընթացքը: Այսուհանդերձ, նման երեւոյթ մը մղած է, որպէսզի կրկնապատկուի անոնց մարմնին տարբեր օրկաններուն (բացի ուղեղէն) չափը` հակակշիռի տակ առնելու համար անոնց արեան մէջ շրջագայող ճարպային թթուներուն ու ճարպերուն հետզհետէ բարձրացող տարողութիւնները` այդպիսով բնականոն դարձնելով այդ փոխարկական աշխատանքներուն ընթացքը:

Մասնագէտները նկատած են, թէ երբ վարազօձերը մեծ տարողութեամբ որս կերած են, ապա անիկա ուշագրաւ կերպով բարձրացուցած է իրենց արեան մէջ շրջագայող ճարպային թթուներուն ու ճարպերուն տարողութիւնները: Նշեալ երեւոյթը պատճառ դարձած է, որպէսզի վարազօձերուն մարմնին տարբեր օրկանները, մասնաւորաբար սիրտը, կրկնապատկեն իրենց չափը` արագացնելու համար մարսողութեան գործընթացը:

ՍՐՏԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԵՔ ՏԵՍԱԿԻ ՃԱՐՊԱՅԻՆ
ԹԹՈՒՆԵՐՈՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Մասնագէտները իրենց փորձարկումները կատարած են քսան նորածին վարազօձերու վրայ եւ հինգ տարի շարունակ մանրամասնօրէն ուսումնասիրած են անոնց կենսաբանութիւնն ու վարուելակերպը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Սեսիլիա Ռիքուելմ յայտնած է, թէ երբ վարազօձերէն վերցուած արեան նմուշներ ներարկուած են տարրալուծարանին մէջ յատուկ խառնուրդներու մէջ պահուած առնէտներու սրտի բջիջներուն մէջ, ապա այս վերջինները հետաքրքրականօրէն աճած են:

Նման յայտնաբերում մը հետեւցնել տուած է, թէ վարազօձերուն օրկաններուն չափին կրկնապատկուելուն պատճառը առնչուած է անոնց արեան մէջ եղող բաղկացուցիչի մը հետ:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները սկսած են վարազօձերուն արեան տարբեր բաղկացուցիչները փորձարկել առանձնաբար եւ ի վերջոյ գտած են երեք տեսակի ճարպային թթուներ, որոնք երբ ներարկած են մուկի մը արեան մէջ, ապա գրեթէ կրկնապատկուած է այս վերջինին սրտին չափը:

ՄԱՐԴՈՑ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ` ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ

Մասնագէտ Լէյնուենտ ըսած է, որ թէեւ վարազօձերուն արեան մէջ յայտնուած են արտասովոր կերպով բարձր տարողութեամբ ճարպային թթուներ, սակայն, հետաքրքրականօրէն, անոնք չեն տառապած սրտի հիւանդութենէ:

Մինչ այդ, մարդոց արեան մէջ նման տարողութիւններով ճարպային թթուներու ներկայութիւնը ուշագրաւ կերպով կը բարձրացնէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը:

Մասնագէտ Լէյնուենտ հաւանական գտած է, թէ վարազօձերուն արեան մէջ յայտնուող երեք տեսակի ճարպային թթուներուն միախառնուած ըլլալը կասեցուցած է անոնց մօտ նման հիւանդութիւններու յառաջացումը:

Մասնագէտները հետամուտ են գտնելու, թէ ինչպէ՞ս կրնան նշեալ ճարպային թթուները ընդլայնել վարազօձերուն տարբեր օրկանները: Անոնք նախաձեռնած են նաեւ այլ ուսումնասիրութեան մը, որուն մէջ անոնք վարազօձերուն արեան պարունակած երեք տեսակի ճարպային թթուներէն բաղկացած խառնուրդ մը ներարկած են սրտի հիւանդութիւն ունեցող մուկերու արեան մէջ` տեսնելու համար, թէ այդ ճարպային թթուները որքանո՛վ կրնան կասեցնել եւ կամ դանդաղեցնել անոնց մօտ սրտի հիւանդութեան զարգացման գործընթացը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

Նախորդը

Անասնագիտական. Վագրաձիերուն Երիզաւոր Ստեւները Հեռու Կը Պահեն Ձիաճանճերը` Շփոթի Մատնելով Անոնց Տեսողութիւնը

Յաջորդը

Անասնագիտական. Պիծակները Կը Ճանչնան Իրարու Դէմքերը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.