Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն դիմած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` խնդրելով մինչեւ յունիսին տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մեկնարկը կարգաւորել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի հետ իր տարակարծութիւնները: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ան նախագահ Էրտողանին կոչ ուղղած է աշխատելու շուէտացի, ֆինլանտացի եւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ` յաջորդ ամիս Մատրիտի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովէն առաջ լուծելու որեւէ մտահոգութիւն, եւ ըսած է, որ Բրիտանիան պատրաստ է աջակցելու», նշուած է բրիտանական կառավարութեան ղեկավարի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Բրիտանիոյ վարչապետը ընդգծած է, որ Ռուսիան Եւրոպական Միութեան երկիրներուն համար կը ներկայացնէ վտանգ, որուն վերաբերեալ ան նշած է, որ անհրաժեշտ է ամբողջացնել դաշինքը այնպիսի արժէքաւոր երկիրներով, ինչպիսիք են Ֆինլանտան եւ Շուէտը», կը նշուի Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Շուէտի վարչապետ Մատալենա Անտերսոնի հետ` քննարկելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումը:
Էրտողան, որ հանդէս կու գայ ընդդէմ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան, Անտերսոնին մասնաւորաբար ըսած է, որ այդ երկիրը պէտք է «վերջ տայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ուղղուած քաղաքական եւ ֆինանսական աջակցութեան ու զինամթերքի տրամադրումին»: Ան նշած է, որ Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ Շուէտը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ ատոր ճիւղաւորումներուն վերաբերեալ թրքական կողմի մտահոգութիւնները փարատող քայլերու ձեռնարկէ:
Էրտողան նաեւ աւելցուցած է, որ Թուրքիան մինչեւ այս պահը աջակցած է ՕԹԱՆ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան եւ դաշինքին մէջ համերաշխութիւնը կը նկատէ կառոյցի կարեւոր արժէքներէն մէկը:
Շուէտի վարչապետը երէկ յայտարարեց. «Կը զօրակցինք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ ներառելու գաղափարին»:


