Միացեալ Նահանգներ համոզուած են, որ Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագայի համար առանցքային է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ առնչուած կամ ատկէ բխող բոլոր չլուծուած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծումը:
Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով «Արմէնփրես»-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի:
«Անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած», վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` ընդգծելով, որ տագնապը զինուորական լուծում չունի:
Դեսպանին համաձայն, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար միակ միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքը չէ, իսկ տագնապին համապարփակ լուծման ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին մէջ:
Այդ իմաստով Ուաշինկթընի մէջ համոզուած են, որ տեւական տագնապի հիմնական խնդիրները պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով ու համապարփակ լուծմամբ` հիմք ընդունելով տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժ չկիրարկելու միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքները:
Դեսպան Թրէյսի կը շեշտէ, որ Միացեալ Նահանգները կը խրախուսեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութիւնը եւ պատրաստ են ներգրաւուելու երկկողմանի ձեւաչափով եւ համախոհ երկիրներու հետ, ներառեալ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ:
Պատասխանելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ հետագայ տասնամեակներուն համար հեռանկարներու մասին հարցումին` Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը յայտարարէ. «Մենք յանձնառու ենք օգնելու հայ ժողովուրդին կառուցելու այնպիսի ապագայ, որուն հիմը հասարակաց ժողովրդավարական արժէքներն են ու այն ճամբան, որ հայ ժողովուրդը ընտրեց 2018 թուականին եւ անգամ մը եւս վերահաստատեց 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ»:


