ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին պաշտօնապէս ներկայացուցած են իրենց երկիրներու ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմումները: Յանձնման առցանց արարողութիւնը հեռարձակած է դաշինքի մամլոյ ծառայութիւնը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Սթոլթենպերկ ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛ողջունէ դաշինքին միանալու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի դիմումները, մտադիր է ապահովել, որ ատոր համար անհրաժեշտ բոլոր հարցերը կարելի եղածին չափ շուտ լուծուին: Ան ընդգծած է, որ այժմ ՕԹԱՆ պիտի զբաղի իր անվտանգութեան համակարգը Պալթեան երկիրներուն մէջ յարմարցնելու հարցով:
«Ես ջերմօրէն կ՛ողջունեմ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին միանալու խնդրանքը: Այն դիմումները, որոնք դուք այսօր ներկայացուցած էք, պատմական քայլ է: Դաշինքը այժմ պիտի քննարկէ ՕԹԱՆ-ի ճամբուն վրայ յաջորդող քայլերը: Պէտք է հաշուի առնել բոլոր երկիրներուն անվտանգութեան շահերը, եւ մենք վճռական ենք լուծելու բոլոր հարցերը եւ հասնելու ընդունելութեան հոլովոյթի արագ աւարտին», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ Ռուսիան պարզապէս պիտի չհաշտուի Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան հետ` Արեւմուտքին կոչ ուղղելով այս առիթով պատրանքներ չփայփայելու:
«Զինուորական լարուածութեան ընդհանուր մակարդակը կը բարձրանայ, իսկ այս ոլորտին մէջ կանխատեսելիութիւնը կը նուազի: Ափսոս, որ առողջ բանականութիւնը կը զոհաբերուի որոշ երեւակայածին պատկերացումներու, թէ ի՛նչ պէտք է ընել ստեղծուող կացութեան մէջ», ընդգծած էր դիւանագէտը:
«Թէ Ռուսիան ինչպէ՛ս պիտի սկսի ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր դասաւորութեան փոփոխութենէն ետք իր անվտանգութիւնը ապահովել` առանձին հարց է: Ատոր լուծումը կախեալ պիտի ըլլայ այն բանէն, թէ ճիշդ ի՛նչ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն Հիւսիսատլանտեան դաշինքին անդամակցութիւնը», աւելցուցած էր Ռիապքով:
«Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը երկարատեւ հետեւանքներով հերթական սխալը պիտի դառնայ», ըսած էր Ռիապքով:
Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու պարագային այդ երկիրներուն մէջ անվտանգութիւնը պիտի չամրապնդուի:
«Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու որոշումէն ետք ամբողջ աշխարհի վրայ կացութիւնը արմատապէս պիտի փոխուի», շեշտած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:


