Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազովսթալ»-էն 256 Ուքրանացի Զինուոր Յանձնուած Է Ռուսական Կողմին

May 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարիուփոլի «Ազովսթալ» գործարանի տարածքէն յանձնուած է աւելի քան 250 ուքրանացի զինուոր, ներառեալ 51 վիրաւոր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ յայտնած են Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքային պաշտպանութեան սպայակոյտէն:

«Ընդհանուր առմամբ Մարիուփոլի «Ազովսթալ» մետաղագործական գործարանի տարածքէն 256 ուքրանացի զինեալ յանձնուած է, գերիներու շարքին վիրաւորներուն թիւը 51 է», կը նշուի սպայակոյտի թելեկրամեան ալիքին մէջ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ երկուշաբթի համաձայնութիւն գոյացած է «Ազովսթալ»-ի տարածքին մէջ պաշարուած ուքրանացի զինուորներու ներկայացուցիչներու հետ` ուքրանացի վիրաւոր զինուորները գործարանէն դուրս բերելու վերաբերեալ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ ձեռնարկութեան տարածքին մէջ լռութեան դրութիւն հաստատուած է եւ բացուած է մարդասիրական միջանցք, որով վիրաւոր ուքրանացի զինուորները կը տեղափոխեն  Նովոազովսքի բժշկական հաստատութիւն:

Ուքրանական կողմը յայտնած է, որ 16 մայիսին 53 ծանր վիրաւոր ուքրանացի զինուորներ «Ազովսթալ»-էն դուրս բերուած են Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք` Նովոազովսք, իսկ 211 ուքրանացի զինուորներ մարդասիրական միջանցքով տեղափոխուած են նոյն հանրապետութեան տարածք եղող Ելենովքա:

21 ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպման ժամանակ հրամայած է չեղեալ նկատել «Ազովսթալ»-ի վրայ յարձակումը` զինուորներուն յանձնարարելով այնպէս պաշարել տուեալ արդիւնաբերական գօտին, որ նոյնիսկ «ճանճը չկարենայ անցնիլ»:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու-Սթոլթենպերկ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ուքրանիան Փաստացիօրէն Դուրս Եկած Է Բանակցային Հոլովոյթէն»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.