Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ուժերը Պաղեստինցի Լրագրող Մը Սպաննեցին

May 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ առտու յայտարարեց, որ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի պաղեստինցի լրագրող Շիրին Ապու Աքլէ իսրայէլեան ուժերու Ժենին քաղաք եւ գաղթակայան ներխուժման ընթացքին գլուխէն փամփուշտ մը ստանալով սպաննուած է, իսկ «Քուտս» օրաթերթի լրագրող Ալի Սամուտի կռնակէն փամփուշտ մը ստացած է եւ կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի:

«Ժազիրա»-ն յայտնեց, որ Շիրին Ապու Աքլէ իր լրագրողներու յատուկ փաճկոնը կը կրէր, երբ իսրայէլեան բանակին կողմէ կրակոցի ենթարկուած է: Պատկերասփիւռի կայանը միջազգային ընտանիքէն պահանջեց իսրայէլեան ուժերը հաշուետուութեան կանչել:

Ալի Սամուտի պաղեստինեան լրատու գործակալութեան նշեց, որ իսրայէլացի զինուորները տեղեակ էին լրագրողներուն գտնուած վայրէն, եւ այդ շրջանին մէջ որեւէ զինեալ դէպք կամ բախում չկար` աւելցնելով. «Անոնք դիտաւորեալ կերպով թիրախաւորուած են»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս դատապարտեց լրագրող Ապու Աքլէի «մահապատիժի ենթարկման ոճիրը», որուն համար պատասխանատու նկատեց իսրայէլեան կառավարութիւնը:

ՄԱԿ բուռն կերպով դատապարտեց Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս հետաքննութիւն կատարելու ու պատասխանատուները պատժելու:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ըստ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի, «ամենայն հաւանականութեամբ պաղեստինցի զինեալներ» պատասխանատու են «Ժազիրա»-ի լրագրողի սպանութեան:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը զայն նկատելով «իսրայէլեան բռնագրաւումի վատ պատմութեան վրայ աւելցող քստմնելի ոճիր մը»:

Պաղեստինի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը լրագրող Աքլէի սպանութիւնը նկատեց «ցնցիչ» եւ կոչ ուղղեց յանցագործները արդարադատութեան յանձնելու:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրենք ցնցուած են, եւ «բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք լրագրողներու դէմ բռնարարքներուն»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թոմըս Կրինֆիլտ յայտնեց. «Պէտք է իրադարձութեան շուրջ թափանցիկ կերպով հետաքննութիւն կատարել, եւ մենք երկու կողմերը կը քաջալերենք մասնակցելու հետաքննութեան»:

Եւրոպական Միութեան բանբերը յայտնեց. «Կը դատապարտենք լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը, եւ պէտք է դէպքին շուրջ անկախ ու թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել եւ պատասխանատուները դատարանին յանձնել»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը շատ ցնցիչ է: Զայն կը դատապարտենք եւ սպանութեան գործողութեան ծալքերուն շուրջ թափանցիկ հետաքննութիւն կը պահանջենք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մեծ ցաւ կը զգանք եւ բուռն կերպով կը դատապարտենք Այսրյորդանանի մէջ լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը: Լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնը պէտք է անմիջապէս ըլլայ, եւ դէպքին պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկուին: Ապու Աքլէի սպանութիւնը ամէնուրեք մամլոյ ազատութեան վարկաբեկում է»:

Նշենք, որ Աքլէի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է:

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Երախտապարտ Ենք Թուրքիոյ Գործադրած Միջնորդական Ջանքերուն Համար»

Յաջորդը

«Ռուսական Հրթիռային Հարուածները Չեն Խոչընդոտեր Ուքրանիոյ Զէնքի Փոխադրումը» Կ՛ըսէ Քըրպի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.