Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանանի մէջ տիրող վերջին հանգրուանի իրադարձութիւնները դրական գնահատած են:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նոր ընդհանուր դատախազ նշանակուած է քանատացի Նորմըն Ֆարլը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իզրայէլ Տիֆենս» կայքէջին վրայ տեղադրուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլեան բանակին հրամանատարութիւնը մտահոգ է Հըզպալլայի ունեցած հրթիռներէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, դատաւոր Սելիմ Ժրայսաթիի նշանակման քայլը կատարուած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Իրանի սահմանները կը հասնին մինչեւ հարաւային Լիբանան: Ան խստիւ դատապարտեց ներկայ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը:

ԿԸ նախատեսուի, որ վաղը` երկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին պետական նշանակումները չներառուին կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին մէջ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ պետական նշանակումները պէտք է կատարուին հետեւելով այդ նշանակումներուն համար որդեգրուած յատուկ համակարգին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական պալատը լրջօրէն կը սերտէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ղեկավարները ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւիրելու կարելիութիւնները:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան այցելեց աշխատանքի հրաժարեալ նախարար Շարպել Նահհասի` առ ի զօրակցութիւն անոր ազգային ճշգրիտ կեցուածքներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն այցելեց Պաալպեք, ուր շեշտեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն զօրութիւնը` աւելցնելով, որ Փարիզ չի փափաքիր, որ Սուրիոյ մէջ բաժանում ըլլայ, այլ` որդեգրուին այնպիսի բարեկարգումներ, որոնք կը համապատասխանեն սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն:

ԸՍՏ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին, Իսրայէլ կը մտածէ Լիբանան – Իսրայէլ սահմանին վրայ պատ հիւսել` ամրապնդելու համար իր ապահովութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պէտք է վերստին բանայ ազգային երկխօսութեան դռները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Աաուար շեշտեց, որ ոչ մէկ յանձնառութիւն կամ բանակցութիւն առաջարկուած է ելեւմտական խախտումներուն մասին քննութիւն բանալու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քամիլ Խուրի յայտնեց, որ ոչ մէկը յաղթական դուրս եկած է Շարպել Նահհասի հրաժարումէն, որովհետեւ ան արտակարգ եւ բացառիկ նախարար մըն էր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը անվստահութիւն ներշնչող կառավարական կազմ մըն է, որ կը նպաստէ երկրին տնտեսութեան փճացումին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ պետութեան կողմէ լիբանանցիներուն կարիքները անտեսելու քաղաքականութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Ռաս Պաալպեքի մէջ կը գտնուին ֆրանսացի սպաներ եւ զինուորներ: Ան խստիւ դատապարտեց Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը եւ կոչ ուղղեց անոր համայնքային լարուածութիւնը Լիբանանէն Սուրիա չփոխադրելու` նկատել տալով, որ Սուրիա օր մը օրանց համայնքային լարուածութենէ ու սադրանքներէ չէ տառապած:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Աքսայի մզկիթին դէմ իսրայէլեան յարձակումներն ու բռնարարքները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Սուրիոյ սահմանադրութեան մասին հանրաքուէ կատարելը լաւագոյն սկիզբն է` երկրին քաղաքական գործունէութիւնը ուղղելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը, որ արդի քաղաքացիական պետութեան հիմնումին միակ միջոցն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել Դիմադրութեան ուղին, հակառակ անոր առջեւ դրուող խոչընդոտներուն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սահմանադրութեան շուրջ կատարուած հանրաքուէն պատմական զարգացում է. ան աւելցուց, որ սուրիական ընդդիմութենէն հրաժարելու եւ զայն լքելու հանգրուանը արդէն իսկ սկսած է:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, դատաւոր Ղալեպ Ղանեմ շեշտեց, որ այդ խորհուրդին նոր նախագահ մը չնշանակելով հարուած մը հասցուցած կ՛ըլլանք դատական իշխանութեան անկախութեան:

 

Նախորդը

Մասնագիտական Եւ Իրաւական Քննարկումներ Կատարելէ Ետք «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում» Երկօրեայ Համագումարի Եզրափակիչ Նիստերը

Յաջորդը

Մարոնի Համայնքի Ժիպէյլի Նոր Առաջնորդը Նախագահեց Կիրակի Օրուան Պատարագին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.