Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Իսրայէլ Պաղեստինեան Յարձակումներուն Հակադարձելու Համար Ժենինի Եւ Կազայի Միջեւ Ընտրութիւն Պիտի Կատարէ

May 10, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններու ղեկավարները կիրակի գիշեր չորս ժամ տեւողութեամբ քննարկած են պաղեստինեան վերջին գործողութիւններու ալիքին դիմակայման համար որդեգրուելիք քայլերը:

Քննարկումներուն նպատակը եղած է ճշդել ռազմավարութիւն մը, մինչ կոչեր կը հնչեն Կազայի մէջ հակադարձելու, իսկ ուրիշներ կ՛առաջարկեն յարձակողական քայլերը ուղղել դէպի Ժենին:

Ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն եւ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի միջեւ քննարկման ընթացքին արծարծուած են երկու հարցումներ` «պէ՞տք է Ժենինի եւ մերձակայ գիւղերուն դէմ լայնածաւալ շատ յարձակողական գործողութեան դիմել», եւ նկատի առնուած կէտերէն մէկը այն եղած է, որ ներկայ փուլին պաղեստինեան գրեթէ բոլոր գործողութիւնները Ժենինէն է, որ կը շղթայազերծուին, եւ այդպիսի ճակատամարտի մէջ մտնելը պիտի յանգեցնէ ձերբակալութիւններու եւ գործողութիւններու կանխարգիլման, սակայն նաեւ ապահովական ուժերը պիտի ներքաշէ Այսրյորդանանի այլ քաղաքներուն մէջ գործողութիւններու` իբրեւ զսպումի քայլ, «որպէսզի տեսնեն»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ այս հարցին վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ օրերուն, ինչպէս նաեւ մօտ օրէն Իսրայէլի կառավարութեան ապահովական սեղմ խորհուրդի նիստի գումարումը կը նախատեսուի:

Միւս կողմէ, Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ իր դաշնակիցները տեղեակ պահած է, թէ մտադիր է արտերկրի մէջ Համասի ղեկավարները ահաբեկելու, եթէ զինեալ յարձակումները չդադրին: Օրաթերթը նշեց, որ Համասի Լիբանան եւ Քաթար գտնուող ղեկավարները թիրախներ են:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Յաջորդը

«Եօթներու Խմբակ»-ի Հաղորդագրութիւնը Ռուսական Բանակի Գործողութեան Յաջողութեան Ճանաչում Է» Կ՛ըսէ Տումայի Նախագահը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.