Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

May 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 8 մայիսին նշուեցաւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ սրբազան հօր, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Պատարագի ընթացքին դպրաց աստիճան ստացան` Միհրան Մարկոյեան, Նշան Սվաճեան, Յակոբ Արուշեան, իսկ կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան Գեղամ Սարգիսեան եւ Արմէն Պեքերեճեան: Ձեռնադրութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազանը:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ Զատիկին յաջորդող երրորդ կիրակին մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ կոչուած է Կարմիր Կիրակի, որ այլաբանական բացատրութեամբ, նախ կը խորհրդանշէ մարդու փրկութեան եւ իր եկեղեցւոյ հաստատութեան համար Քրիստոսի թափած արիւնը: Սրբազանը կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ «Կարմիր Կիրակի» անուանումին եւ ըսաւ, որ անիկա մեզի կը բերէ յիշատակը բիւրաւոր այն մարտիրոսներուն, որոնք հալածանքի եւ մահուան պայմաններուն մէջ ալ մնացին աներկիւղ եւ իրենց արեան հեղումով իրենց կեանքը մօտեցուցին Քրիստոսի կողմէ ճշդուած սրբութեան չափանիշներուն, նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին մեր Տէրը մարդոցմէ կազմեց իր եկեղեցին, նաեւ կը յիշեցնէ, որ ամէն մարդ ճամբայ կ՛ելլէ կեանքին մէջ բարձրանալու ու յաջողութեան հասնելու երազանքով, սակայն բոլորը տեղ չեն հասնիր: Շատեր պարտուած կ՛իյնան ճամբու ընթացքին որովհետեւ մարդկայնօրէն մեր շինել ուզածը անպայմանօրէն կարելի չէ իրականացնել առանձինն: «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհելով` կրնանք մեր կեանքէն դուրս վանել վհատութեան եւ երկչոտութեան զգացումները: Եւ Աստուած ոչ միայն կը պաշտպանէ մեզ, այլեւ մեր անկումներէն մեզ վեր բերելով` Իր յաւիտենական փառքին կը տանի», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, թէ ի՛նչ ալ ըլլան մեր կեանքին պայմանները, աշխարհը միշտ ալ պէտք ունի երկնային օժանդակութեան: Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Աւետարանով Յիսուս կանոնագրութիւն մը չի տար մեզի, այլ պարզապէս իր կեանքին օրինակը թելադրելով` մեզի կ՛առաջարկէ, որ այս աշխարհէն ճամբայ ելլելով` Աստուծոյ առաջնորդութեամբ քալենք, որպէսզի հասնինք հոգեւոր եւ յաւիտենական այն աշխարհին, որ մերն էր:

Խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն` սրբազան հայրը բացատրեց, որ ձեռնադրութեամբ իրենց տրուած պարտականութիւնները փոքր բաներ են, սակայն անոնք կշիռ ունեցող արժէքներ են, որովհետեւ զանոնք կը ստանան Աստուծոյ եկեղեցւոյ մէջ եւ Աստուծոյ հզօր բազուկին դիմաց խոնարհելով, աւելցնելով, որ պէտք է հաւատարիմ ըլլան իրենց տրուած քիչին հանդէպ եւ Աստուծոյ տան սպասաւորութեան գործին մէջ, սեփական նուիրումով զայն աճեցնեն եւ այդպիսով հասնին նաեւ մեծ պարտականութիւններու ու պատիւներու:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Հանրածանօթ Արուեստագէտ Ճոզայեա Ուըտսըն Երաժշտական «Մասթըր Քլաս»-ի Վերաորակաւորման Դասընթացք Տուաւ Համազգայինի Եւ Յարակից Կառոյցներու Երաժիշտներու

Յաջորդը

«Մեր Շուկան» Նախաձեռնութիւնը Երկրորդ Անգամ Եւս Մեծաթիւ Հայորդիներ Համախմբեց

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.