Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի` Տղա՛ք

May 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

8 մայիսը Շուշիի ազատագրութեան օրն է:

8 մայիս 1992-ին մեր հերոս տղաքը պատերազմեցան ազրպէյճանցի բռնագրաւողներու դէմ եւ իրենց կեանքը զոհելով յաղթանակած եռագոյն դրօշը ծածանեցին Շուշիի բարձունքին:

Սակայն, դժբախտաբար, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին դաւաճանութեամբ կորսնցուցինք  մեր սիրելի Արցախէն բաժին մը, նաեւ` մեր պաշտելի Շուշին: Բայց եւ այնպէս ՏՂԱՔԸ յանցանք չունին, անոնք չպարտուեցան:

Պէտք է դարձեալ ազատագրենք Շուշին եւ հայկական բոլոր հողերը, որպէսզի վայելենք յաղթանակի հպարտութիւնը:

Դժբախտաբար, թուրքը չէ, որ մեր Շուշին եւ այլ հողեր գրաւեց, այլ մեր վարչապետին պատճառով Շուշին տրուեցաւ ազրպէյճանցիին: Մերը չէ այլեւս ան, արցունքով եւ սրտի խոր ցաւով կ՛արտայայտուինք այս մասին:

Բայց, այս վիճակը այսպէս պիտի չձգենք, մենք մեր մէջքը պիտի շտկենք եւ դարձեա՛լ պիտի ազատագրենք մեր հպարտ Շուշին, եւ կը խոստանանք, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ծունկի պիտի գան եւ ներողութիւն պիտի խնդրեն Շուշիէն:

44-օրեայ պատերազմի հերոսնե՛ր, նահատակնե՛ր, դուք անմահացա՛ք:

Իբրեւ անձնազոհներ դուք հայրենիքի ազատութիւնը գերագոյն նպատա՛կ դարձուցիք: Մասնակի՛ց դարձաք Արցախի ազատագրութեան պայքարին, զոհեցի՛ք ձեր կեանքը` վասն յաղթանակի:

Պէտք է շարունակել ձեր վեհ գործը:

Մեր նպատակը տկարութիւն պէտք չէ ճանչնայ եւ պիտի չճանչնայ, մինչեւ Արցախի ամբողջական ազատագրումը:

Հայրենիքը փրկելու առաջնորդներ, ղեկավարներ ունենալու փոխարէն, այսօր ունինք դաւաճաններ, որոնք  ծախեցին Արցախ հայրենիքը թուրքին ու ազրպէյճանցիին:

Հաստատ է, որ «Իմ քայլ»-ական իշխանութիւնն է պատասխանատուն դրախտավայր Արցախի կործանման:

Պատմութեան դատաստանին առջեւ պիտի կանգնին բոլոր դաւաճանները եւ հայրենիք ծախողները: Բոլորը թող լաւ իմանան, որ պիտի գայ այն օրը, երբ պիտի վերադարձնենք մեր հողերը:

Մենք կը հաւատանք, որ մէկ բռունցք դառնալով կը տիրանանք մեր սուրբ  հայրենիքին: Ինչպէս կ՛ըսէր Արամ Մանուկեան. «Ազատագրական պայքարի դրօշը բարձրացուցած հայ ժողովուրդը պէտք է յոյսը դնէ իր սեփական ուժերուն վրայ»:

Յաւե՜րժ փառք ու խոնարհում հայրենիքի համար սրբազան զոհողութեամբ անմահացած հերոսներուն: Երկար ատենէ ի վեր անոնք հոն հանգչած են, սակայն կը շարունակեն ապրիլ մեզի հետ` լուսաւորելով մեր հոգիները եւ իրենց օրինակով ուղղութիւն տալով բոլոր հայ երիտասարդներուն, որպէսզի առանց վարանումի, իրենց ճանապարհը շարունակեն հաւատարմօրէն:

Նահատակ մը ըսած է. «Հայրենիքը ո՛չ մուրացկան է, ո՛չ ալ հարկահան, այլ` սուրբ արիւն է»:

Յարգա՛նք Շուշիի ազատագրութեան հերոսներ Վիգէն Զաքարեանի եւ անոր ընկերներուն յիշատակին: Յարգա՛նք Շուշին ազատագրած կենդանի հերոսներուն` ողջերուն թէ մահացածներուն (լո՜յս հոգիիդ հոգեհարազատ եղբայրս` Սագօ Paradise…): Ափսո՜ս, որ չկարողացանք պահել  ձեր ազատագրած սուրբ հողը:

Ներեցէ՛ք մեզի` տղա՛ք:

Ձեր առջեւ կը խոնարհինք երգելով` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»:

 

 

Նախորդը

Զարթի՛ր Լաօ

Յաջորդը

Գերեվարուած Շուշին Եւ Տխուր Ստեփանակերտը Դիմակազերծեցին Հայոց Պետական Այրերը (9 Մայիս)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.