Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութեան Շարժումը Յայտարարութեամբ Մը Պահանջեց Փաշինեանի Հրաժարականը

May 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 4 մայիսի առաւօտեան յայտարարեց, որ նկատի առնելով վարչապետ Փաշինեանի կատարած ճակատագրական սխալները, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ դրժուած խոստումները, այդ բոլորին պատճառով ներկայիս տիրող ողբերգական վիճակը` օրերէ ի վեր Ֆրանսայի հրապարակին վրայ համախմբուած եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ երթեր կատարող ցուցարարները կը հաստատեն, որ այժմու վարչապետը օրինականութիւն չունի, պետութիւնը նոր զիջումներու տանելու իրաւունք չունի, ուստի պէտք է հրաժարի:

Միւենոյն պահանջը պաշտօնական կերպով հնչեց նաեւ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին, երբ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ընթերցեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հանրային պահանջը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը վարող Նիկոլ Փաշինեան, տապալելով արցախեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ հայկական շահերը պաշտպանելու գործը, պատճառ եղած է պատերազմի ու պարտութեան, խոստովանած է, որ կարելի էր կանխել պատերազմը եւ խուսափիլ հազարաւոր զոհերէ, բայց չէ կատարած այդ մէկը:

«Իր նախընտրական ծրագիրով ան խոստացած է, որ պիտի վարէ Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակացման քաղաքականութիւն` ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրագործման միջոցով: Պնդած է, որ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գոյատեւել Ազրպէյճանի ենթակայութեան ներքեւ, առաջնահերթ կը նկատէ Արցախի տարածքներու ապաբռնագրաւումը, սակայն փաստօրէն կը կատարէ «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է եւ վերջ» քարոզը ու կը պաշտպանէ Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու տարբերակը, այսինքն` Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատելու թուրք-ազրպէյճանական տեսակէտը:

«Խոստացած է տնտեսական թռիչք ու աճ, բայց խորքին մէջ կ՛աճին պետական պարտքը եւ աղքատութիւնը, կը բարձրանան գիները եւ մահերը: Չէ կատարած բազմաթիւ խոստումներ, որոնցմէ վերջինը ողբերգական աւարտ ունեցաւ: Նիկոլ Փաշինեան օրինական չէ, չունի մեր պետութիւնը նոր զիջումներու տանելու լիազօրութիւն ու պէտք է հրաժարական տայ», կ՛ըսուի հրաժարականի պահանջին մէջ:

 

Նախորդը

Փեսքով. «Շահագրգռուած Ենք, Որ Հայաստանի Մէջ Կայունութեան Շրջան Գայ, Որ Կարելի Պիտի Դարձնէ Ղարաբաղի Վերաբերեալ Եռակողմ Համաձայնագիրներու Իրագործումը»

Յաջորդը

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Դիմադրութեան Շարժման Հանրահաւաքները Եւ Քայլարշաւները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.