Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆելիքս Յարութիւնեանի Մահուան 10-ամեակ

May 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այս շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ Համազգայինի տեղւոյն մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ պիտի նշուի Ֆելիքս Յարութիւնեանի մահուան 10-ամեակը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Ֆելիքս Յարութիւնեան 18 տարի ստանձնեց «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական պատասխանատուի պաշտօնը: Աւելի ուշ ստանձնեց նաեւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը: Զոյգ պաշտօններն ալ` իբրեւ առաքելութիւն, լաւագոյնս կատարեց ան եւ խումբերուն հետ արձանագրեց յիշատակելի յաջողութիւններ:

Պէտք է յատկապէս նշել, որ Ֆելիքս հայրենի այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն էր, որ տարիներու թաւալումով ալ միշտ մնաց գործակիցը Համազգայինի: Վերջին տարիներուն պարբերական այցելութիւններով Կիպրոս ալ պարախումբ յառաջացուց եւ ելոյթներ ունեցաւ:

Աւելի՛ն. լիբանանեան առումով ալ Ռահպանիներուն հետ գործակցութիւնը, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ գեղարուեստական յայտագիրներու իրագործումը ոչ միայն Համազգայինի, այլ նաեւ ամբողջ լիբանանահայութեան պատիւ բերող նախաձեռնութիւններ հանդիսացան:

Ֆելիքս Յարութիւնեանի պարուսոյցի տարիներուն «Քնար» պարախումբը հրաւիրուեցաւ գաղութներ` Կիպրոս, Գահիրէ, Յորդանան, Տուպայ, ինչպէս նաեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն մնայուն ներկայութիւն էր:

Փաստօրէն Ֆելիքսը ներկայացուցիչներէն է հայրենի արուեստագէտներու արժանաւոր այն փաղանգին, որոնք իրենց կեանքի ամէնէն փայլուն տարիները նուիրեցին սփիւռքի մէջ մշակութասէր երիտասարդներ դաստիարակելու գործին:

Ֆելիքսի բնաւորութիւնը իւրայատուկ էր: Խստապահանջ, բծախնդիր, նորարար, ստեղծագործ: Երիտասարդներուն հետ ընկերային, միեւնոյն ատեն իբրեւ դաստիարակ` անզիջող:

Նոյնպէս ալ յաջորդական շրջանային վարչութիւններուն հետ կապը եղած է միշտ փոխադարձ յարգանքով եւ գործունեայ:

Վարձքը կատա՛ր Ֆելիքսին յիշատակը յարգողներուն:

Վարձքը կատա՛ր Ֆելիքսին եւ իր սերունդին, որոնք հաւատացին Համազգայինին եւ Համազգայինին ընդմէջէն` սփիւռքի ներուժին:

 

 

Նախորդը

«Հայ Դատն Ու Հայ Երիտասարդութիւնը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

Յաջորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 4. Եօթը Օր Եօթը Գիշեր Արցախի Պատանիներուն Շունչով

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.