Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Զգուշացնէ Քուէարկութեան Չմասնակցելէ

May 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆիթրի տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորութիւններ ուղղեց լիբանանցիներուն` մաղթելով, որ Աստուած բարի կամեցողութիւն ունեցող պատասխանատուները համախմբէ Լիբանանի գերագոյն շահերուն շուրջ, որպէսզի Լիբանանը ապահով ափ հասցնելու նպատակը կարելի ըլլայ իրականացնել:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին, որ Ֆիթրի տօնը ըլլայ առիթ մը` անձնական շահերը գերազանցելու եւ փափաքներ ու ազգային ձգտումներ իրականացնելու, որպէսզի կարենանք վերականգնել մեր հայրենիքը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեծ թիւով շնորհաւորութիւններ ընդունեց իշխանութեան պետերէ, հոգեւոր պետերէ, նախարարներէ, երեսփոխաններէ, զինուորականներէ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երկուշաբթի, 2 մայիս 2022-ին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ «Մոհամետ Ամին» մզկիթ, ուր Ֆիթրի տօնին առիթով կատարեց նամազը:

Միւֆթի Տըրիան իր ուղղած պատգամին մէջ զգուշացուց քուէարկութեան մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու վտանգէն:

Ան ընդգծեց երկրին կացութիւնը փոխելու իմաստով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք չէ փտածներուն եւ չարագործներուն ի նպաստ քուէարկել:

«Իսկ քուէարկութիւնը պոյքոթի ենթարկելով փտածները կը հասնին իշխանութեան», ըսաւ հանրապետութեան միւֆթին` ընդգծելով, որ փտածութեան եւ ձախողութեան անձնատուր դառնալը արգիլուած է:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները օրինական միջոցն են` ստանձնելու մեր պատասխանատուութիւնը եւ փրկութիւնը», հաստատեց ան:

Վարչապետ Միքաթի լիբանանցիները շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով եւ մաղթեց բարօրութիւն, առողջութիւն ու մտահոգութիւններու փարատում:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան պիտի ապաքինի` բոլորին դրական համագործակցութեամբ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ Աստուած Թրիփոլիի մահուան նաւուն նահատակներուն հոգին լուսաւորէ ու անոնց հարազատներուն համբերութիւն ու մխիթարութիւն պարգեւէ:

Հարիրի արաբ եւ իսլամ բոլոր բարեկամներն ու լիբանանցիները շնորհաւորեց, իսկ Աշխատաւորներու տօնին առիթով ամենայն բարիք մաղթեց լիբանանցի աշխատաւորին` մաղթելով աւելի լաւ պայմաններ:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. «Բարեկարգումները Չգործադրելու Պարագային Լիբանանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Պիտի Վատթարանայ» Շեշտեց Շամի

Յաջորդը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Վաղը Կը Դառնան Իրականութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.