Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գրաբարի Անհրաժեշտութիւնը Աշխարհաբարի Տիրապետման Համար» Նիւթով Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

February 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ին, դպրեվանքի Ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր` «Գրաբարի անհրաժեշտութիւնը աշխարհաբարի տիրապետման համար»:

Օրուան բացման խօսքը կատարեց` Գաբրիէլ կիս. սրկ. Եղիայեան, որմէ ետք երեք դպրեվանեցիներ` Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան, Սարգիս Աճէմեան եւ Մկրտիչ Քիւրիւմեան մեզի ներկայացուցին Գարեգին Սրուանձտեանցի «Գրաբարի եւ աշխարհաբարի վէճը»: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանէն ժամանած օրուան բանախօսուհի Աշխէն Գրիգորեանը: Օրուան բանախօսուհին խօսեցաւ գրաբար լեզուի զարգացման հոլովոյթին մասին, եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գրաբարը մեզի համար անսպառ շտեմարան է»: Ապա պատմաբանասիրական տուեալներով բաղդատութիւններ կատարեց հայոց հին եւ նոր մատենագիրներու միջեւ. ան խօսելով գրաբար մեր ժառանգութեան մասին, ի մասնաւորի Աստուածաշունչ մատեանին եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ի մասին, ըսաւ. «Երբ Աստուածաշունչն ու Մատեան ողբերգութեան»-ը աշխարհաբար լեզուով կը կարդանք, որոշ հատուածներու ընթերցանութեան ժամանակ պակասութիւն կը զգանք, սակայն երբ գրաբարով կարդանք նոյն հատուածները, հոգեկան բաւարարութիւն կը զգանք նախ եւ առաջ եւ յստակօրէն կը հասկնանք տուեալ հատուածին իմաստը»: Աշխէն Գրիգորեան նաեւ անդրադարձաւ Եւագր Պոնտացիի աստուածաբանութեան մասին: Դասախօսութենէն ետք դպրեվանեցիները իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան բանախօսուհիին, որ իր շինիչ պատասխաններով գոհացուց դպրեվանեցիներուն հարցումները:

Դասախօսութեան ներկայ էին նաեւ Տիգրան Ճինպաշեան եւ Հայաստանէն ժամանած Արթիւր Գաբրիէլեանը:

Փակման խօսքը  կատարեց դպրեվանքի հսկիչներէն Վարանդ վրդ. Քորթմոսեանը: Ան նախ յարգելի հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց դպրեվանք, եւ յանուն տեսչութեան եւ աշակերտութեան` շնորհակալութիւն յայտնեց Աշխէն Գրիգորեանին իր հրամցուցած դասախօսութեան համար, ապա ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող դպրեվանքը, անոր նախընթացն ու առաքելութիւնը: Իսկ դպրեվանեցիներուն ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Գրաբարին տիրապետելը ձեր պարտականութիւնն է` որպէս ապագայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մշակներ, գրաբարով մեր ունեցած հսկայ ժառանգութիւնը վերածենք աշխարհաբարի, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներու թարգմանենք եւ ապա հրամցնենք թէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ թէ՛, ինչո՛ւ չէ, նաեւ օտարներուն»:

Երեկոն փակուեցաւ դպրեվանքի գիշերային հաւաքական աղօթքով:

 

Նախորդը

«Կը Փափաքիմ Նախագահական Նստաշրջանս Աւարտել` Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելով» Կ՛Ընդգծէ Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.