Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Վրաստանին Օժանդակութիւնը Աւելցնելու Օրինագիծ Մը

April 29, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը չորեքշաբթի օր հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որով կը նախատեսուի աւելցնել Վրաստանին տրամադրուող օգնութիւնը, ներառեալ` ռազմականը, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ հաստատել այն անձերուն դէմ, որոնք, Ուաշինկթընի կարծիքով, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ» գործած են:

Նախագիծը որդեգրուած է 406 թեր եւ 20 դէմ քուէներով: Այժմ փաստաթուղթը պէտք է քննարկման համար ուղարկուի Ծերակոյտին:

«Քոնկրեսին մէջ կը կարծեն, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Վրաստանին օգնութիւնը պէտք է աւելցուի», նշուած է բնագիրին մէջ: «Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ կայունութեան եւ ինքնապաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ զսպման ուղղութեամբ Վրաստանի կարելիութիւններուն մեծացման, ներառեալ ի հաշիւ համապատասխան օգնութեան` ուղղուած Վրաստանի զինեալ ուժերու կարողականութեան բարձրացման», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Օրինագիծով նախատեսուած է, որ Վրաստանի պահանջներու անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւնը պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը` հետագային օրէնսդիրներուն ատոնց մասին հաշուետուութիւն ներկայացնելու նպատակով:

Բացի ատկէ, նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ` համացանցային սպառնալիքներու դէմ պայքարին մէջ Թիֆլիսին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: «Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նաեւ պէտք է ներառէ Վրաստանի պայքարի կարելիութիւնները»` գոյութիւն ունեցող «ռուսական ապատեղեկատուութեան եւ քարոզչութեան դէմ, որոնք ուղղուած են Վրաստանի գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու խափանման», նշուած է բնագիրին մէջ:

Օրինագիծով նախատեսուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք է պատժամիջոցներ հաստատէ այն անձերուն դէմ, «որոնք պատասխանատու են կամ մասնակցած են մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներուն» Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ: Անոնք պէտք է տարածուին նաեւ այն մարդոց վրայ, որոնք նման անձերու նիւթական, ֆինանսական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, նաեւ այն կառոյցներուն վրայ, որոնք կը պատկանին անոնց կամ անոնց կողմէ կը վերահսկուին:

Սպիտակ տան ղեկավարը, փաստաթուղթի բնագիրին համաձայն, իրաւունք ունի պատժամիջոցներ չհաստատել, եթէ նկատէ, որ ատկէ հրաժարումը «կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն տեսակէտէն»:

 

Նախորդը

«Վստահ Եմ` Նախկին Խորհրդային Միութեան Միւս Երկիրները Նոյնպէս Պիտի Միանան Միութենական Պետութեան» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յաջորդը

«Յունիսի Վերջին-Յուլիսին Մեր Կողմէ Թէժ Յարձակում Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.