Կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Քլայլէի, Նաքուրայի եւ Թայր Հարֆայի շրջանները, մինչ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը նշեալ շրջաններուն մէջ ահազանգեր հնչեցուցին:
Քլայլէի, Նաքուրայի եւ Թայր Հարֆայի մէջ հրդեհներ բռնկեցան` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով, սակայն մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:
Իսրայէլեան ուժերը թուիթըրեան իրենց գրառումով հաստատեցին, որ իրենք կը հակադարձեն Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումին:
Իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած են հարաւային Լիբանանի այն շրջանները, որոնք բացատներ ունին, եւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են լիբանանեան մէկ ենթակառոյց եւ այն շրջանը, ուրկէ դէպի Իսրայէլ արձակուած էր հրթիռը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Լիբանանը` պատասխանելով Լիբանանէն Շլոմի բնակեցման վայրին ուղղութեամբ արձակուած հրթիռի մը:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իսրայէլ առաւօտեան ժամը 2:00-ին Շիհին, Մըրուահին եւ Զըպքին գիւղաքաղաքներուն վրայ արձակած է շուրջ 20 լուսաւորող ռումբեր: Իսկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին 9 հրթիռ արձակած է Համուլ-Թայր Հարֆա շրջանին վրայ:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը Լիբանանին եւ Իսրայէլին ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչ ուղղեց:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է իր հողերուն վրայ արձանագրուած դէպքերուն պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:
Ան նկատել տուաւ, որ եթէ գործողութիւններն ու բռնարարքները շարունակուին, «ապա մենք ստիպուած պիտի ըլլանք պէտք եղած ուժը գործադրելու` ճշդուած թիրախներու դէմ», ըսաւ Կանց:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն եւ մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ:


