Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

April 26, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ`  Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան դիմաւորեց քայլարշաւին մասնակիցները, իսկ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս` նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց աչքերուն մէջ տակաւին կայ պահանջատէրի կայծը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 25-ամեակին առիթով պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած այդ յուշակոթողին շուրջ համախմբուելով` լիբանանահայութիւնը կը հաստատէ, որ ամեակներ կրնան անցնիլ, սակայն իր Դատին եւ նահատակներուն կտակին հայուն կառչածութիւնը կը մնայ ամուր, դէպի փայլուն ապագայ անոր կորովը կը մնայ անսասան:

Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան ապա անդրադարձաւ այն կառոյցներուն` ՀՅԴ, ՀՄԸՄ եւ ԼՕԽ, որոնց անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան, դրուատեց անոնց տարած երկարամեայ արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ գործունէութիւնը, շեշտեց, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ անոնք անձնուէր զոհողութեամբ գործած են, սերունդներու կազմաւորման մէջ` իրենց ներդրումը ունեցած: Ան դիտել տուաւ, որ ծաղկեպսակները խորքին մէջ դափնեպսակներ են` նահատակներուն  գլուխներուն զետեղուած, որովհետեւ անոնք մէկական իշխաններ են, որոնց նկատմամբ յարգանքը կը միացնէ համայն հայութիւնը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան շեշտեց, որ ծածանող եռագոյնը բարձր մնալու համար կարիք ունի բոլորիս զոհողութեան, աշխատանքին, վճռականութեան, որպէսզի անիկա միշտ հպարտութեամբ փողփողէ:

Նշենք, որ նոյն օրը ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց  Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատուն եւ Դաշնակցութեան ընտանիքին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղեց հոն գտնուող Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ:

Նախորդը

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէն Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Կանգնեցուած Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Զետեղեց

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.