Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգի Մը Պատմութիւնը. Մեծ Եղեռնի Ծնունդ` Վերապրողի Արդար Ցասումն Ու Պոռթկումը Արգասիքն Է «Հերոսներին Ու Մայրերին» Երգին

April 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն շատ մը երեխաներ մնացին անտէր, անտիրական, առանց ծնողքի, իսկ շատեր ալ այդ տարիներուն ծնան եւ անմիջապէս մնացին առանց հօր ու մօր: Մեծ եղեռնի ժամանակահատուածին մէջ այսպիսի դէպքեր բազմաթիւ են: Այդ երեխաներու դաժան կեանքը իր բազմակողմանի կողմերով տարիներ ետք տեղ գտած են արուեստի եւ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մէջ:

Վերոնշեալ պատմութեան մաս կը կազմեն վերապրող Թադէոս Պաղտասարեանի կեանքն ու պոռթկումը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն տասնեակ տարիներ ետք Թադէոսին զաւակը` երաժիշտ-երգահան Սեդօ Պաղտասարեան իր հօրը արդար ցասումը, ընդվզումը, պոռթկումը եւ պահանջատիրական արդար զայրոյթը երգի վերածեց` «Հերոսներին ու մայրերին» խորագրով եւ յանձնեց սփիւռքի հայ ժողովրդային երգերու ռահվիրայ Ատիս (Աւետիս) Հարմանտեանին (14 յունուար 1945 – 1 սեպտեմբեր 2019):

Ատիս Հարմանտեան եղած է այն արուեստագէտներէն, որ իր արուեստի ծնունդի օրէն սփիւռքի մէջ ազդանշանը տուաւ հայկական երգերու տարածումին` մոռցնելու դիտաւորութեամբ օտարամուտ երգերը: Հարմանտեանի երգացանկին մէջ սակաւաթիւ են ազգային երգերը, սակայն անոր առաջին հայրենասիրական երգերէն է «Հերոսներին ու մայրերին» երգը, որ նուիրուած է Մեծ եղեռնին: Սոյն երգը ներառուած է Ատիսի 1983-ին լոյս ընծայած «Գիշեր է, գիշեր» խորագիրը կրող ալպոմին մէջ:

Ատիս ծնած է 14 յունուար 1945-ին, Պէյրութ. նախնական ուսումը ստացած է Ռուբինեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ ճեմարանը:

Ատիսը 1960-էն սկսեալ մեկնաբանած է առաւել քան 400 երգեր, որոնք արժանացած են սփիւռքահայութեան գնահատանքին:

Ատիսը արժանացած է զանազան մրցանակներու եւ 2015-ին հեղինակած էր «Ատիս. երգի ճամբով» հատորը, որուն մէջ ան մանրամասնօրէն գրի առած է իր կեանքին պատմութիւնը` հաճելի դրուագներով ու անցուդարձերով, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կատարուած համերգներու նկարագրականներով:

Յիշեցնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2005-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած էր Ատիս Հարմանտեանը` հայ երգի տարածման եւ ժողովրդականացման մէջ անոր բերած ներդրումին համար:

Ատիս Հարմանտեան պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով:

2012-ին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւս օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը շնորհեց Ատիսին` դրուատելով հայկական երգարուեստի մարզին մէջ երգիչին առաւել քան կէս դարու վաստակը:

1 սեպտեմբեր 2019-ին իր աչքերը յաւիտեան փակեց Ատիս Հարմանտեան` սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչը, խոր կսկիծի մատնելով իր երկրպագուները:

Աւելի քան կէս դար Ատիս Հարմանտեան սատար հանդիսացած է հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման` այլասերումի եւ օտարամոլութեան այս դարաշրջանին:

Արդարեւ, Ատիսի ազգային եւ հայրենասիրական երգերէն համարուող «Հերոսներին ու մայրերին»-ը ամէն հայու, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճաշակողներու շառաւիղին սրտին խօսող երգ է: Հայ մշակոյթի անխոնջ այս մեկնաբանը ապրումներով կը պարուրէ ունկնդիրը: Ատիսի երգեցողութեամբ, երգը ամբողջական ու կատարելագործուած է: Անոր թովիչ ձայնը, հոգեպարար երգեցողութիւնը կը ստիպէ մեզի աւելի համահունչ զգալ երգին նպատակը` թեման:

Ատիսի «Հերոսներին ու մայրերին» երգը մեր լոյս ընծայած «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ» աշխատութեան ընթացքին մեր ուսումնասիրութեան արդէն մաս կը կազմէր: Մեզի համար երգին հեղինակը կը մնար անծանօթ:

2006-ին Պէյրութի մէջ հանդիպում մը ունեցանք Սեդօ Պաղտասարեանին հետ իր սթիւտիոյին մէջ: Արդարեւ, հոն իմացանք, որ վերոնշեալ երգին հեղինակը ինքը` Սեդոն է: Սոյն երգին համար ան յայտնեց, որ երգի յօրինումին պատճառը Սեդօ Պաղտասարեանի հայրն է` Թադէոս Պաղտասարեանը, որ ծնած է 1915-ին,  Տիգրանակերտ. դժբախտաբար Թադէոս ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի իր հարազատներուն մասին, որովհետեւ իր ընտանիքէն միայն ինք կրցած է փրկուիլ ջարդէն: Այդպէս ալ արդէն կը հաւաստիացնէ Սեդոն, որուն զգացմունքին ու ազդեցութեան պատճառն էր երգին ծնունդը:

«Հերոսներին ու մայրերին»-ի մէջ կը ներկայացուին հայկական հողի եւ հայու արեան կորուստը, թրքական ամէն տեսակի վայրագութիւնները, սովը, մահն ու կործանած ժողովուրդի մը պատկերը: Երգի բառերուն շարադրանքին օգտագործուած են արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը:

Այստեղ ուշագրաւ են երկու պատգամները. առաջին` նոր սերունդի յիշողութիւնը, որ մինչեւ օրս Հայոց ցեղասպանութիւնը չի մոռնար ու կը մնայ իր յիշողութեան մէջ: Երկրորդ` պահանջատիրութիւնը, որ նոյնպէս մինչեւ օրս կը հետապնդուի Սուրբ Դատը` հողերու վերադարձը եւ 1.500.000 սրբադասուած նահատակներու արեան հատուցումը:

Սեդոն որբանոցներու մէջ հասակ նետած հօրը ապրած ցաւերն ու մտածումները իր յօրինումով կրցած է ազդու երգի մը վերածել: Այս բոլորը կը պատմուին` որպէս յուշեր, տարագրութեան մէջ վերապրողէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հերոսներին ու մայրերին» երգին բառերը ամբողջութեամբ. խօսք եւ երաժշտութիւն` Սեդօ Պաղտասարեանի:

Հերոսներին Ու Մայրերին

Ո՛չ, չի կորսուիր հողերը մեր, Մասիսն անտէր,
Որքան որ անտեսեն, կը պահանջենք արիւնը մեր:

Նորէն հայրս տխուր ուղղեց անէծք այն ազգերին,
Որոնք կործանեցին, աւերեցին երկիրը մեր,
Ոճիր ծրագրեցին ու յանձնեցին թուրք ասկեարին,
Ո՛չ ծեր, ո՛չ երեխայ, ո՛չ ալ անզէն դու խնայիր:

Բայց ո՛չ, չի կորսուիր հողերը մեր, Մասիսն անտէր,
Որքան որ անտեսեն, կը պահանջենք արիւնը մեր:

Ես զաւակն եմ հայուն` ծնած ճիշդ այդ ահի պահուն,
Հրաշքով ազատուած դուրս էր եկած եւ կեանք տեսած,
Մանուկ առանց հօր մօր տեսաւ սեւ օր ու վիրաւոր,
Զրկուած մանկութենէ երբեք չըսաւ նա իր մեծ մօր:

Ինչո՞ւ աշխարհ եկայ թշուառ անտէր, առանց մօր հօր սէր,
Եթէ այլ ազգէ մը ես ծնէի, գուցէ ապրէի:

Այսօր սերունդն է նոր կ՛ապրի հպարտ ու ամէն օր,
Կը յիշեն, կը զգան իրենց մորթին վրայ ցաւն իրենց հօր,
Արիւն հերոսներուն կը կանչէ մեզ շարունակելու,
Թշնամու դէմ պայքարելու այս սուրբ գործը կատարելու:

Մենք պարտինք մեր կեանքը հերոսներին ու մայրերին,
Որոնք մեզ պահեցին, պահպանեցին, հպարտ մեծցուցին,
Եւ մենք մեր ալ կարգին պարտական ենք մեռնելու ի գին,
Միշտ վառ պահելու ջահը հերոսներին ու մայրերին,
ու մայրերին, հերոսներին:

Բացառիկ երեւոյթ է, որ Մեծ եղեռնի օրերուն որբացած երեխաներու պարտադրուած դժբախտ ճակատագրի նիւթը եւ անոնց արդար զայրոյթը բովանդակալից կերպով ներկայացուի երգով: Այս մէկը Սեդոն իր ստեղծագործական հարուստ հմտութեամբ ու իր բացառիկ տաղանդով կրցած է միահիւսել դէպքը` բառերով եւ երաժշտութեամբ եւ վերածել երգի:

Երգին բառերը որքան պարզ ու յստակ կը թուին, սակայն խորքը բաւական իմաստալից է: Միտքերու հաղորդումը, ապրումներու ճշգրիտ նկարագրութիւնը Մեծ եղեռնէն հրաշքով ազատած մանուկի մը թեման կ՛արտացոլացնէ վերապրողին հոգեկան ներքին տագնապը եւ զգացումները, ապա` «Թշնամու դէմ պայքարելու այս սուրբ գործը կատարելու» պատգամը, պահանջատիրութեան ընդհանուր նկարագրութիւնը:

«Հերոսներին ու մայրերին» երգի բառերուն զուգահեռ, երաժշտութեան ոճը մերթ չափաւոր ու հանդարտահոս ելեւէջներ ունի, մերթ կը բարձրանայ առնական կշռոյթով: Մերթ ընդ մերթ բարձրացող ու մեղմացող ձայնաշարերու շարահիւսուած ագուցուածքով կ՛արտայայտէ մէկ մորմոքախառն ու խորաշունչ ալիքներու երանգը, մէկ վրէժի ու հերոսութեան բորբոքն ու թելադրողական սրտազեղումները:

Երգին երաժշտութեան ելեւէջները ունկնդիրը կը մղեն, որ մտքի ու հոգիի խաղաղութեամբ եւ խորաթափանց մտածումով մը կապուի:

Երաժշտութիւնը ընդհանրապէս իր ամբողջական վիճակին մէջ աստիճանաբար ձայնի վերելքային բաժինով մեծ տպաւորութիւն ու մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Տեղին է նշել, որ Ատիսի մեկնաբանութեամբ «Հերոսներին ու մայրերին» երգը շատեր լսած են, սակայն ա՛լ աւելի տպաւորիչ ու խորիմաստ կը դառնայ, երբ իւրաքանչիւր անձ երգը ունկնդրած պահուն ծանօթ ըլլայ երգի պատմութեան ու մանաւանդ` երգի խօսքերուն:

Վերապրող Թադէոս Պաղտասարեանի արդար ցասումի գաղափարական խորքը, առողջ ապրումները կեանք պիտի ունենային գալիք սերունդներուն մէջ, բնական է ու հասկնալի:

Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք հետեւեալ եզրայանգումները.

Ա.- Սոյն երգով բնականաբար կը վերահաստատուի հայկական պահանջատիրական պայքարի անժամանցելիութիւնը` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային ամբողջական ճանաչումը, դատապարտումը եւ վնասուց արդար հատուցումը` ցեղասպան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:

Բ.- Ատիս այս երգով կրցած է Հայոց ցեղասպանութեան թեման իր երկրպագուներուն ներկայացնել եւ անոնց ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը ա՛լ աւելի հզօրացնել:

Գ.- Կը շեշտադրուի, որ հայ ժողովուրդին կրած հողային ու մարդկային այս ծանր կորուստէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ դատի պահանջատիրական երթը անխախտ ու անշեղ է, չի ճանչնար նահանջ:

Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր դիտանկիւնէ լուսարձակի տակ առնուած եւ պատմագրուած` «Հերոսներին ու մայրերին» երգի ընդմէջէն կը հաստատուի, որ Հայոց ցեղասպանութեան ձգած հետքը արծարծուեցաւ երգով, գեղարուեստական օգտագործումն ու դերակատարութիւնը իրենց մեծ դերը ունին թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն` հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ քարոզչութիւն:

Վերապրող Թադէոս Պաղտասարեանի արդար ցասումի գաղափարական խորքը, առողջ ապրումները կեանք պիտի ունենային գալիք սերունդներուն մէջ, բնական է ու հասկնալի:

Վերջապէս կ՛ընդգծենք, որ «Հերոսներին ու մայրերին» երգի էութիւնը կը ներկայացնէ Հայ դատի պահանջատիրական ոգին եւ կամքը:

Օգտագործուած աղբիւր
– Գաթրճեան Աւօ, «Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երգ-երաժշտութեան վրայ», Հալէպ, 2010, էջ 155-157:

 

 

Նախորդը

Ապրիլ Ամսուն` ՍՆԱՎ-ի Ժառանգութեան Շաբաթ. Ձօն` ՍՆԱՎ-ի Ընտանիքէն Արուքեան Ընտանիքին

Յաջորդը

Ղօղանջ Սուրբ Ամենափրկիչէն Ձօն` Բոլոր Մեր Բռնագրաւուած Ոստաններուն Եւ Քաղաքներուն Եւ Շուշիի Պաշտպանութեան Մարտերուն Նահատակուած Հերոսներուն

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.