Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. Փութին Եւ Փաշինեան Ընդգծած Են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ծիրին Մէջ Ներուժի Եւ Փորձի Օգտագործման Կարեւորութիւնը

April 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի սկիզբը յայտարարեց, որ իրենք Արցախի անվտանգութեան առնչուած հարցեր եւ այնտեղ տիրող կացութիւնը պիտի քննարկեն:

«Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան անվտանգութեան հարցերը, ներառեալ Ղարաբաղի հարցը: Շատ խնդիրներ մնացած են, համաձայն եմ ձեզի հետ: Մենք անընդհատ կապի մէջ ենք, ամէն շաբաթ կամ 10 օրը անգամ մը հեռաձայնով կը խօսինք: Իսկ հանդիպումները պարբերական են` հակառակ համաճարակին: Ես շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս համար», ըսաւ Փութին:

Ան նշեց, որ Փաշինեանի այցելութիւնը նուիրուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: «Կը նախատեսուի շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրում` բաւական ամուր հիմերու վրայ. մենք նախորդ տարիներուն մեր իրաւական յարաբերութիւններուն հիման վրայ 200 փաստաթուղթ ստորագրած ենք, եւ ատիկա գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու համար լաւ կարելիութիւն կը ստեղծէ:

«Յառաջատարներէն մէկը, ի հարկէ, տնտեսութիւնն է: 2021 թուականին մեր աճը, ըստ վիճակագրութեան, եղած է 80 առ հարիւր: Իսկ այս տարուան առաջին ամիսներուն` յաւելեալ 50 առ հարիւր: Ասիկա շատ լաւ ցուցանիշ է յատկապէս մեր ժամանակներուն»:

Երկու երկիրներուն ղեկավարները, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ հաստատած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` անոր միջազգային իրաւագիրին համապատասխան:

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումէն ետք հրապարակուած երկկողմանի յայտարարութեան համաձայն, կողմերը պայմանաւորուած են, ըստ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն, արագացնել հայ-ազրպէյճանական սահմանի շրջանին սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով երկկողմանի յանձնախումբի ստեղծումը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հանդիպումի ընթացքին կողմերը ողջունած են Ռուսիոյ աջակցութեամբ մեկնարկած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը:

«Կողմերը նշեցին «3+3» շրջանային խորհրդատուական ձեւաչափի յաջող մեկնարկը, որ կոչուած է տրամադրել լրացուցիչ կարելիութիւններ շրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան յառաջ մղման եւ բազմածրագրային համագործակցութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդունած է 2022-ի երկրորդ կէսին` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին առնչուած, Հայաստան այցելելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը:

Նախորդը

«Ամբողջական Աջակցութիւն` Նիկոլ Փաշինեանին» Կը Գրէ Միշել

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Պատերազմը Նոր Պաղ Պատերազմի Դարաշրջանը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.