Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Դատապարտէ Մրուժի Անարգ Ոճիրը

April 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դատապարտեց երկուշաբթի երեկոյեան Մրուժի շրջանին մէջ գտնուող «Մրուժ» դեղարանի դեղագործուհի Լէյլա Ռըզքի սպանութիւնը:

Ան զօրակցութիւն յայտնեց դեղագործներուն, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումի հետ եւ անոր յայտնեց, թէ Լէյլա Ռըզքի դէմ գործուած անարգ ոճիրը խստիւ դատապարտելի է:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ապահովական կառոյցները այս իմաստով յստակ ցուցմունքներ ստացած են` հետապնդելու համար յանցագործները, զանոնք ձերբակալելու եւ անոնց դէմ խիստ պատժամիջոցներ որդեգրելու նպատակով:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Պքերքէ, ուր

հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի հաստատեց, որ Մրուժի ոճիրին նպատակը գողութիւնը չէ:

Ան աւելցուց, որ զետեղուած տեսախցիկներէն կարելի եղած է որոշ չափով օգտուիլ, յանցագործը մօտիկ ապագային պիտի ձերբակալուի, իսկ ոճիրին ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի:

Նշենք, որ հետաքննութեան հետեւող աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ ոճիրին դրդապատճառները ըլլան անձնական:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի Եւ Քուէյթի Դեսպանները

Յաջորդը

«Բարոյական Պարտաւորութիւն Ունիմ Սրբագրելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Դէմ Կատարած Սխալ Յայտարարութիւնս» Շեշտեց Ղասսան Սէուտ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.