Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ ըլլան կամ ոչ, Լեռնալիբանանի մէջ հսկայական աշխատանք ի գործ դրուեցաւ` շրջանցելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած դժուար փուլը:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի տագնապը երկարատեւ կը թուի ըլլալ, սակայն անիկա ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան կատարելիք աշխատանքին, յատկապէս` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ անոր ստորագրելիք արձանագրութիւններուն պարագային:
Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ յայտարարուած նախնական համաձայնութիւնը անբաւարար է, եթէ անիկա իր գործնական թարգմանութիւնը չունենայ խորհրդարանին մէջ:
Անդրադառնալով խորհրդարանին կողմէ քեփիթըլ քոնթրոլի ծրագիրը չքննարկելու իրականութեան` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ անիկա պիտի կատարուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կառավարութիւնը վերածուած կ՛ըլլայ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ առաջարկուած փրկութեան առիթը կրնայ ուղղուիլ դէպի անորոշութիւն:
«Եթէ չյաջողինք Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ոմանք երկրին ոսկին կրնան օգտագործել, եւ այդ իմաստով Լիբանանը մեծ երաշխիք կորսնցուցած կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի համար քեփիթըլ քոնթրոլի, ելեկտրականութեան հոսանքի թղթածրարին, ինչպէս նաեւ դրամատուներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերուն լուծումը ապահովելու վերջին առիթն է այս փուլը:
Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ սէուտական-ֆրանսական նախաձեռնութիւնը պիտի գործադրուի հաստատութիւններու ընդմէջէն:
Սիւննի համայնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սիւննի համայնքը քայքայուած է, յատկապէս նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութեան: Ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի գործակցին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ կարգ մը սիւննի ազգայնականներու հետ:
«Սուրիական-իրանեան առանցքը կը հակադրուի ազգային անկախ որեւէ որոշումի` Մուխթարայի մէջ թէ այլուր: Այս առումով Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը ամբողջութեամբ թիրախ է, սակայն այս պայքարը միայն Թայմուր Ժոմպլաթի պայքարը չէ, այլ նաեւ արաբական ազգային, անկախ եւ գերիշխան որոշումի պայքարն է», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան ընդգծեց, որ իր ապագան աւարտած է` աւելցնելով, որ Թայմուր Ժոմպլաթ սկսած է քաղաքական իր ուղիին տէրը դառնալ: «Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ամէն բան անոր տրամադրութեան տակ պիտի դրուի, եւ ես պատրաստ եմ անոր օժանդակելու», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք ո՛չ Ժըպրան Պասիլին եւ ո՛չ ալ Սլէյման Ֆրենժիէին համաձայն է:
«Անցեալ ընտրութեան ընթացքին Սաատ Հարիրիի կամքը տեսանք, այդ պատճառով ալ անոր եւ մեր գլխուն եկաւ հարուածը», ըսաւ ան: «Զօր. Միշել Աուն եւ Պասիլ միայն մէկ նպատակ կը հետապնդեն. Պասիլի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերացումը: Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրին ծովային սահմանագծումին, անոնք պնդեցին թիւ 29 գիծին վրայ, սակայն այսօր իրենց միտքը փոխած են եւ ամէն բան պիտի կատարեն` ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները գոհացնելու համար», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն բարելաւումը, որպէսզի հաւասարակշռութիւն մը ստեղծուի եւ երկիրը իրանեան ու սուրիական իշխանութեան տակ չմնայ:


