
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երկուշաբթի կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին օրակարգերը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի Սելիմ Ժրայսաթին նշանակեցին աշխատանքի նոր նախարար:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեցին ներքին իրադարձութիւններն ու բանակին դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Մալթայի ասպետներու կազմակերպութեան եւ Չիլիի նոր նշանակուած դեսպանները:


