Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թօթափել Պատրանքները

April 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան խնդիրը` թէ՛ արցախեան հիմնահարցի կտրուածքով եւ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ներկայիս կը գտնուի իր բախտորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ կը պահանջէ պատրանքներէ զերծ քաղաքական մտածողութիւն: Առ այդ, կ՛ուզեմ յիշեցնել հետեւեալ իրականութիւնները.

1.-  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացը արդէն վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ալիեւը ճիշդ էր, երբ կը պնդէր, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ դրած է այդ գործընթացին: Իմ կարծիքով, գործընթացը վերջնականապէս կանգ առած էր Կազանի մէջ: Երբ միջազգային կողմերը այդ գործընթացին այնուամենայնիւ ակնարկութիւն ընեն, այդ մէկը դեռ չի նշանակեր, որ գործընթացը կենդանի է: Ան մեռած է: Զայն մեռցնողները եղան առաջին հերթին Ալիեւը` սերտ գործակցութեամբը Մոսկուայի: Ապա նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան` անուղղակի գործակցութեամբը Թուրքիոյ:

2.- Պրիւքսելի հանդիպումը Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հսկողութեան տակ` բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան խնդիրներուն հետ: Այդ հանդիպման ենթատեքստը Ուքրանիան էր: Պրիւքսելի հանդիպումով կը սկսի մէկ նոր գործընթաց: Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա Հայաստանի եւ Արցախի հարցերը կ՛ընդգրկեն Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներու քաղաքականութեան մէջ: Ձեւականօրէն Արեւմուտքի ջոջերը խօսոյթը կը պահպանեն այնպէս, ինչպէս որ էր: Եւ սակայն էապէս Պրիւքսելի մէջ վերջին հարուածն է, որ կը տրուի Մինսքի խումբի համանախագահութեան: Մոսկուա կը գիտակցի այս իրականութեան եւ Լաւրովի միջոցով կը հրապարակայնացնէ իր բողոքը: Փաշինեան եւ Արեւմուտք կը հերքեն «զրպարտութիւն»-ը, բայց ոչ ոք զիրար ապակողմնորոշելու լուսանցք չունի այլեւս: Խաղաքարտերը բացուած են վաղուց: Միացեալ Նահանգներու ռազմագէտները Ուքրանիոյ ճակատը կը հասցնեն Կովկաս: Եւ հաւանաբար` Ալիեւի եւ Էրտողանի քուլիսային գործակցութեամբ:

3.- Առայժմ պարզ չէ, թէ իսկապէս ի՞նչ խօսակցութիւններ տեղի ունեցած են կողմերուն միջեւ Պրիւքսելի մէջ: Մեզի հասու որոշ աղբիւրներ որոշ լոյս կը սփռեն Պլինքըն-Փաշինեան հեռաձայնային խօսակցութեան մանրամասնութիւններուն վրայ: Իմ կարծիքով, հակառակ հրապարակային արտայայտութիւններուն, խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած լուրջ խօսակցութիւններ առայժմ գոյութիւն չունին Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ: Ալիեւ չ՛ուզեր այդ հարցը լուծել Փաշինեանի հետ: Կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Ալիեւ չ՛ուզեր տեսնել Փաշինեանը: Ան կ՛ուզէ խաղաղութեան պայմանագրի պայմանները վերջնական հարթութեան բերել Մոսկուայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ուղիղ դիւանագիտութեամբ` շրջանցելով Փաշինեանը: Ան վստահ կը թուի ըլլալ, որ նմանօրինակ քաղաքականութեան մը համար պարարտ հող գոյութիւն ունի ներկայիս թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Մոսկուայի մէջ:

4.- Պրիւքսելէն վերադարձած Փաշինեանը, ամենայն հաւանականութեամբ, պէտք է գիտակցի այս ականապատուած իրականութեան: Ան պէտք է գիտակցի, որ շարժումի իր ազատութիւնը լայնօրէն խափանուած է այս կէտին վրայ: Աւելի վատը այն է, որ այս իրողութեան կը գիտակցին նաեւ Ալիեւ եւ Էրտողան: Ժամանակն է 1921-ի Մոսկուայի դաշնագիրը կրկնելու® Այսինքն` որոշելու Հայաստանի ճակատագիրը Մոսկուայի հետ ուղիղ` առանց Հայաստանը ընդգրկելու բանակցութիւններուն մէջ: Այս բանը կանխելու համար Փաշինեան կը թուի յենարաններ փնտռել Արեւմուտքի մէջ: Իսկ այդպիսի դիմաշրջումի մը համար վստահելի կռուաններ առհասարակ չկան Արեւմուտքի մէջ: Այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կ՛ըսեն` Պայտըն պատրաստ է Ռուսաստանի դէմ կռուելու մինչեւ վերջին ուքրանացին® Նոյնը կրնայ պատահիլ Հայաստանի վերաբերմամբ:

Այս բոլորը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ Փաշինեանի իշխանութեան լինելիութեան հիմքերը վաղուց քայքայուած են, եւ ան ոչինչ ունի տալիք մեր անկախ պետականութեան արդէն իսկ վտանգուած դատին: Մեր երկրի այս աննախընթաց ճգնաժամը կը պահանջէ նոր դէմքեր եւ նոր մտածողութիւն: Փաշինեան կը փորձէ ուժականութեան պարապը լեցնել փուճ խոստումներով: Սահմանազատում, կոմունիկացիաներ, բաց ճանապարհներ, դրամագլուխի զանգուածային ներհոսք` առաւելաբար Թուրքիայէն եւ դեռ շատ ուրիշ հրաշալիքներ, որոնց բանալին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրերն են: Ասոնք ներկայիս ցնորքներ են: Անոնք գոյութիւն չունին եւ պիտի չունենան, այնքան ատեն որ Հայաստանն ու Արցախը կը գործեն տկարութեան դիրքերէ: Մի՛ խաբէք դուք ձեզ: Մի՛ խաբէք հանրութիւնը: Ժամանակն է մեկնելու: Ժամանակն է իշխանութիւնը յանձնելու ձեռնհաս եւ կորովի ուժերու: Ժամանակն է պատրանքները թօթափելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի լինելիութիւնը կերտելու բոլորովին նոր զէնքերով եւ ռազմավարութեամբ:

11 ապրիլ 2022

Նախորդը

Պատերազմ

Յաջորդը

Յիշենք Բոլորը Մէկ Առ Մէկ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.