Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Անձամբ Լուծած Ենք Տագնապը, Մինսքի Խմբակի 28-ամեայ Աշխատանքի Արդիւնքը Զերօ Է» Կ՛ըսէ Ալիեւ

April 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք անձամբ լուծած ենք այս տագնապը»: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Մինսքի խմբակը գործած է մինչեւ ղարաբաղեան Բ. պատերազմը 28 տարի, որուն ընթացքին համանախագահները հարիւրաւոր այցելութիւններ կատարած են Ազրպէյճան եւ Հայաստան: Արդիւնքը ակնյայտ է, աշխատանքի արդիւնքը` զերօ», ըսած է Ալիեւ:

«Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրութիւնը տէ ֆաքթօ անվաւեր է», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է յետհակամարտային շրջանի իրողութիւնները:

«Պատերազմէն ետք Եւրոպական Միութեան հետ մեր հաղորդակցութիւնները աւելի աշխուժ դարձան: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ ընդունեց յետհակամարտային շրջանի իրողութիւնները… Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ դեկտեմբերին եւ ապրիլին տեղի ունեցան եռակողմ հանդիպումներ: Այս հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւն տրուած է: Եզրափակիչ յուշագիրին մէջ չէ եղած «Լեռնային Ղարաբաղ» անունը, ինչ որ բնական է: Որովհետեւ Ազրպէյճանը ատոր դէմ հանդէս կու գայ, չկայ նաեւ «տագնապ» բառը: Ատիկա բնական է, որովհետեւ տագնապ չկայ: Տագնապը լուծուած է», պնդած է Ալիեւ:

«Մենք ծրագիրներ ունինք «3+3» ձեւաչափով 2-րդ հանդիպման օրակարգին առնչուած: Հանդիպումը պէտք է կայանայ մօտիկ ապագային, պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, այս հարթակի ծիրին մէջ պէտք է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու, հակառակ պարագային` «անիկա պիտի կորսնցնէ իր նշանակութիւնը»:

«Ազ.Թի.Վի.»-էն սփռուած իր խօսքին մէջ Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ այլ երկիրներու կողմէ Հայաստանին զէնք տրամադրելը պիտի նկատէ ոչ բարեկամական քայլ: «Կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար պէտք է վերջ տալ Հայաստանի զինման: Հայաստանը չունի զէնք գնելու դրամ եւ երբեք չէ ունեցած: Ղարաբաղեան Բ. պատերազմին մենք ոչնչացուցած ենք Հայաստանի 4-5 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն: Հարցում կը ծագի` աղքատ երկրին ուրկէ՞ այդքան դրամ: Եթէ Հայաստանին դարձեալ սպառազինուելու միջոցներ տրամադրուին, մենք ատիկա պիտի նկատենք ոչ բարեկամական քայլ եւ համապատասխանաբար պիտի գործենք», ըսած է ան:

Ալիեւի համաձայն, եթէ Երեւանին չտրամադրուէին զէնք գնելու այդքան վարկեր, գործը պատերազմի չէր հասներ:

Ալիեւ միեւնոյն ժամանակ պնդած է. «Ազրպէյճանը` իբրեւ սեփական միջոցներու հաշուոյն ապրող պետութիւն, բանակաշինութեան պիտի տրամադրէ այնքան միջոցներ, որքան անհրաժեշտ նկատուի»:

Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յոյս յայտնած է, որ սահմանազատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցերով աշխատանքային խումբերու ձեւաւորումը պիտի աւարտի մինչեւ ապրիլի վերջ, եւ անոնք պիտի սկսին գործել:

«Որեւէ պարագայի մենք կողմնակից ենք, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու սկսինք այդ հարցերը լուծելու», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

Նախորդը

Կը Նախատեսուի Մաքրոնի Եւ Ֆրանսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.