Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հերթական Տարեթիւի Խոհեր

April 14, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան երէկ բոլորեց քաղաքացիական պատերազմի հերթական տարեթիւը: Նման առիթներու կ՛ոգեկոչուին նահատակները, զոհ գացած հազարաւոր անզէն բնակչութիւնը: Կը յիշուին բախումները, առեւանգումները, անհետ կորսուածները: Տակաւի8ն. տագնապները, զանոնք յաղթահարելու համար աշխատած համակարգերը:

Այս պատերազմը դիմափոխութիւն ապրեցաւ անշուշտ. պաղեստինցիներու յարաբերակցութիւնը շուտով վերածուեցաւ կրօնականի, ապա տարբեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ ընդհարումներու. յետոյ սուրիական ներկայութեան դէմ կամ բանակին շուրջ զէնքի միաւորման դրօշակին տակ:

Պատերազմը նաեւ իսրայէլեան յարձակումն էր տարբեր փուլերով: Պաղեստինեանէն սուրիական, հասնելով իսրայէլեան, անցնելով միշտ ներքաղաքացիականէն, այս երկիրը հիւծեցաւ այլոց հրահրած կռիւներուն, հրդեհներուն, քաղաքական պառակտումներուն մէջ:

Տարեթիւի արձանագրումը խոկումի առիթ է դասեր քաղելու: Դասեր մեր անմիջական պատմութենէն` չներքաշուելու, հակամարտութիւններուն բացառապէս քաղաքական լուծում բերելու, միայն քաղաքական խորհրդակցութիւններով եւ բանակցութիւններով համախոհական լուծումներ բերելու:

Լիբանանեան պետական եւ քաղաքական դաշտը կրցա՞ւ ճիշդ դասերը քաղել այս բոլորէն: Ո՛չ հանրութիւնը կրցաւ ինքզինք պարտադրել այդ դասերը քաղելու եւ ըստ այնմ նոր ճանապարհային քարտէս որդեգրելու, ո՛չ ալ պետութեան ներկայացուցիչները բոլոր մակարդակներուն վրայ  յաջողեցան դուրս գալ այլոց լարած ծուղակներէն:

Պառակտուածութիւնը հիմա այլ դրսեւորումներ ունի. քաղաքական անորոշութիւն, սնանկութիւն, ապաշնորհ վարչակառավարում, հատուածայնութիւն, մսխում, մեկուսացում:

Ասոնք նաեւ որոշ առումներով արդիւնք են դարձեալ այլոց լարած ծուղակներու ներքաշումներուն: Տարածաշրջանին մէջ տարբեր պետութիւններ ունին  իրենց խաղաթուղթերը. այս պարագային` համայնքային ուժեր, որոնք պատրաստ են հրահանգաւորուած աշխատելու:

Դասեր չենք քաղած յայտնաբար: Ոչ ենթակայական մղումներէ մեկնած պէտք է արձանագրել, որ այն համայնքը, որ մերժեց ներքաշումը ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի զանազան փուլերուն, հայ համայնքն էր: Չներքաշուելու որոշումը սուղ արժեց համայնքին, որ նուիրաբերեց իր ազնուագոյնները:

Ներկայ ճգնաժամին եւս համայնքը կը պահէ իր սկզբունքային հետեւողականութիւնը. փրկութեան կառավարութեան կազմութեան օրուան պահանջէն մինչեւ միջհամայնքային համախոհութեան համար համայնքներու իրողական ներկայացուցչութեան պահպանման առաջադրանքի բարձրաձայնումը, մինչեւ վարչակառավարման մասնագիտացման պահանջը: Համայնքը, որ մերժեց պատերազմը, մերժեց պոյքոթը, մերժեց պետութեան յենասիւները կազմող հաստատութիւններու աշխատանքին խափանումը:

Ասիկա ինքնագնահատական չէ: Քաղաքացիական պատերազմի որոշ հեռաւորութենէ այսօր տարբեր ուժեր կը հաստատեն նոյնը: Կը հաստատեն, սակայն չեն գործադրեր հայ համայնքի ո՛չ միայն յայտարարածը, այլ նաեւ իրականացուցածը:

Հերթական տարեթիւը խոհերու տեղի կու տայ: Այս խոհերը մտածել կու տան, որ անհրաժեշտ է գերադասել լիբանանահայութեան դաւանած սկզբունքները: Որպէսզի քաղուի ճիշդ դասը. որպէսզի չկրկնուին աղէտալի սխալները:

«Ա.»

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի Չկրկնուի 13 Ապրիլը, Եկէ՛ք Խորհրդակցինք»

Յաջորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.