Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Նախագահական Թեկնածուները Չեն Ստորագրեր Փութինի Համաձայնագիրը

February 25, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուսիոյ նախագահական թեկնածուները

«Gazeta.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահական թեկնածուներ` Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով, ընկերվարականներու ղեկավար Սերկէյ Միրոնով, Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի եւ միլիառատէր Միխայիլ Փրոխորով մտադիր չեն Վլատիմիր Փութինի աշխատակազմին կողմէ առաջադրուած համաձայնագիրը ստորագրել:

Նշենք, որ Փութինի պատուիրակ, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Սերկէյ Շոյկու նախագահի թեկնածուներուն ուղարկած էր հասարակական համաձայնագիրի բնագիրը:

«Gazeta.ru» կը հաղորդէ, որ Ժուկանով յայտարարած է, թէ «ատիկա ոչ թէ համաձայնագիր է, այլ` անարգանք: Որո՞ւն հետ ստորագրել եւ ի՞նչ բանի համար, մարդոց յիմարացնելո՞ւ»: Միրոնով ըսած է, որ «ես այս տարբերակին չեմ աջակցիր»:

Տումայի անդամ եւ Վլատիմիր Ժիրինովսքիի աշխատակազմի ղեկավար Վլատիմիր Օվսիաննիքով յայտարարած է, որ իրենց կ՛առաջարկուի ստորագրել օրէնքը չխախտելու վերաբերեալ փաստաթուղթ, սակայն բոլոր կուսակցութիւններն ալ այսպէս թէ այնպէս զայն չեն խախտեր, բացի իշխող «Ետինայա Ռոսիա» կուսակցութենէն:

Նախագահութեան թեկնածու, գործարար Միխայիլ Փրոխորով զարմացած է, որ համաձայնագիրը ստորագրողներու շարքին չկայ Փութինի անունը, իսկ Շոյկու, չես գիտեր ինչու, կ՛առաջարկէ համաձայնագիրը ստորագրել Փութինի գրասենեակին մէջ:

Նախորդը

Ալիեւ Ընդունած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Պաքու Պատասխանած Է Թեհրանի Բողոքագիրին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.