Լիբանան իր վերադարձէն ի վեր Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի լծուած է միջլիբանանեան տարբեր կողմերու միջեւ մտերմիկ հանդիպումներու կազմակերպման` ռամատան ամսուան եւ ֆիթրի տօնին առիթով: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ դեսպան Պուխարի այսօր` չորեքշաբթի, 13 ապրիլին այցելէ Պաապտայի պալատ եւ խորհրդակցի նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Միւս կողմէ, դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ` երեքշաբթի, 12 ապրիլի երեկոյեան դարձեալ կազմակերպեծ ռամատանի յատուկ երեկոյթ, որուն հրաւիրեալներու մեծ մասը նախկին ներքին գործոց նախարարներ էին` Զիատ Պարուտ, Ռայյա Հասան, Նուհատ Մաշնուք, Մարուան Շարպել եւ այլն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու ղեկավար կազմեր` գլխաւորութեամբ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի: Այս առիթով նախարար Մաուլաուի շնորհակալութիւն յայտնեց Սէոուտական Արաբիոյ` ներողութիւն խնդրելով անոր հասցէին դրսեւորուած անբաղձալի կեցուածքներու համար: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւս հրաւիրուած էր, սակայն ան չկրցաւ ներկայ գտնուիլ այլ հանդիպումի մը պատճառով:
Նախքան այդ, դեսպան Պուխարի երէկ նաեւ այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի: Անոնք խորհրդակցեցան տեղական ու շրջանային նորագոյն իրադարձութեանց շուրջ:


