Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատուիրակութիւն Մը Գլխաւորելով` Նախարար Պուչիքեան Այցելեց Նախագահ Աունի

April 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նորընտիր խորհուրդին, զոր կը գլխաւորէր Սելիմ Զըհըննի: Այս առիթով նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ճարտարարուեստի մարզին մէջ տարուող ճիգերը` նշելով, որ Լիբանան խորապէս նահանջած է յաչս արտաքին կազմակերպութիւններուն: Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս մուրացկանի նման միջազգային կազմակերպութիւններէն սննդեղէն եւ օժանդակութիւն կը հայցէ:

Իր կարգին, նախարար Պուչիքեան դիտել տուաւ, որ ճարտարարուեստի մարզը նուազագոյն տարողութեամբ ազդուեցաւ վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածող տագնապներէն: Ան ընդգծեց, որ  ճարտարարուեստի մարզը յաջողեցաւ յաղթահարել ցցուող արգելքները եւ ամրագրել լիբանանեան արտադրութեանց վարկը յաչս արտաքին աշխարհի շուկաներուն:

Նաեւ` Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութեան Հետ

Նշենք, որ նախարար Պուչիքեան երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննեց ճարտարարուեստի նախարարութեան մշակած ծրագիրներն ու անոնց գործադրութեան կարելիութիւնը` նշեալ ֆոնտին օժանդակութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ ֆոնտի գործողութեանց բաժանմունքի պատասխանատու Մունա Քոզի, գործողութեանց  բաժանմունքի աւագ վերլուծաբան-հետազօտող Խալիլ Ժպարա եւ սեփական մարզի մասնագէտ Զէյնա Խուրի:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Նախագահ Ժըպրան Պասիլի

Յաջորդը

Դեսպան Ուալիտ Պուխարի Այսօր Պիտի Այցելէ Նախագահ Միշել Աունի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.