Նախորդ շաբաթավերջին Պուլկարիոյ մէջ իր աւարտին հասան աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան Գ. խմբակի զտումի մրցումները:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Քոսովոն, 2-1 արդիւնքով:
Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Հայաստան յաղթած էր Սկովտիոյ (11-0) եւ Պուլկարիոյ (3-0), իսկ այդ արդիւնքներուն լոյսին տակ ապահոված առաւելագոյն 9 կէտը եւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 յուլիսին:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


