Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Քլերմոնի, արձանագրեց 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փարիզեան կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձան պրազիլզի Նէյմար (6-րդ, 71-րդ եւ 83-րդ) եւ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ (19-րդ, 74-րդ եւ 80-րդ):
Անոնց խմբակից արժանթինցի Լիոնել Մեսսի թէեւ կոլ չնշանակեց, սակայն կատարեց երեք էսիսթ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ մայրաքաղաքի կազմը 71 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 15 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Ռեննի վրայ:
Քլերմոն 28 կէտով կը գտնուի 17-րդ դիրքին վրայ:


