Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայն` Մոսկուան Քիեւի հետ բանակցութիւններու նոր փուլի շեմին չի պատրաստուիր «ընդհատել Ուքրանիոյ տարածքին մէջ իրականացուող յատուկ գործողութիւնը»: Ան այս մասին երէկ յայտարարեց «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Լաւրովի, Ռուսիան մտադիր է շարունակել Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները: «Ես բանակցութիւնները դադրեցնելու պատճառ չեմ տեսներ, հակառակ այն իրողութեան, որ ուքրանական կողմը ամէն անգամ կը խուսանաւէ: Անոնք երբեմն իրենց տեսակէտը 180 աստիճան կը փոխեն` մերժելով այն, ինչ որ ատկէ երկու օր առաջ իրենք իսկ կ՛առաջարկէին», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Ուքրանիոյ մէջ մեր յատուկ գործողութեան նպատակը (ՕԹԱՆ-ի) ընդլայնման եւ Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոնց հետեւող արեւմտեան պետութիւններու աշխարհին ամբողջական տիրութեան անպատասխանատու գործելաոճին վերջ տալն է», յայտարարեց Լաւրով:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութիւնները զգալիօրէն կը փոխեն խաղի կանոնները:
Պորել երկու անգամ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը պէտք է դադրեցուի զինուորական ճամբով, ոչ թէ դիւանագիտական ճամբով: Ատկէ ետք ան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է Քիեւին շտապ կերպով զէնք մատակարարելու:
Նման յայտարարութիւն ան կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ` Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի հետ Քիեւ կատարած այցելութենէն ետք: «Այս պատերազմը պիտի յաղթուի մարտի դաշտին մէջ», գրած էր Պորել: Ան նաեւ յիշեցուցած է Ուքրանիոյ` զէնքի համար յատկացուած 500 միլիոն եւրոյի մասին եւ կոչ ուղղած ուժեղացնել Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ Տնիեփրոփեթրոսվք քաղաքին մօտ «Քալիպըր» թեւաւոր հրթիռներու հարուածով քանդուած են եւրոպական երկրի մը կողմէ Ուքրանիոյ յանձնուած 4 «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ 25 ուքրանացի զինուորներ սպաննուած են:
Սլովաքիա նախապէս յայտարարած էր, թէ Ուքրանիոյ «Էս-300»-ներ մատակարարած է:


