Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ուքրանիան կրեց Ռուսիոյ տարիներէ ի վեր նախապատրաստած պատերազմին բեռը: Ռուսական ուժերը քանդեցին Ուքրանիան եւ թալանի, գողութեան ու բռնաբարման արարքներ գործեցին»:
«Ռուսիոյ համար այս պատերազմին նպատակը Ուքրանիոյ տիրելն է, ապա մեր դրացի երկիրներուն վրայ յարձակում գործելը», յայտնեց Զելենսքի` աւելցնելով. «Ռուսիոյ յառաջիկայ ծրագիրները պետութեան մէջ այլ շրջաններ քանդելն ու դրացի այլ երկիրներու վրայ յարձակում գործելն է»:
«Ռուսական ուժերը մեր դէմ իրենց պատերազմի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 900 համալսարան եւ աւելի քան 300 դեղերու պահեստանոց քանդեցին», ըսաւ ան:
«Ռուսիան ամբողջ երկրի տարածքին քաղաքայիններու գտնուած վայրերը թիրախ կը դարձնէ», ըսաւ Ուքրանիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Պէտք է միտքը այս պատերազմին մէջ յաղթանակ արձանագրէ, եւ պէտք է Ռուսիոյ ստիպենք, որ խաղաղութիւն որոնէ»:
Զելենսքիի Գրասենեակ. «Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմը Կրնայ Մինչեւ 2035 Տեւել»
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ռուս իրաւապաշտպան, իրաւաբան Մարք Ֆէյկինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ եթէ ռուսական ուժերը գրաւեն Տոնպասը անոր վարչական սահմաններուն մէջ, ապա Ուքրանիան խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չկնքէ Ռուսիոյ հետ:
«Այս պայմաններով խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չստորագրուի, պատերազմը պիտի շարունակուի», ըսած է Արեսթովիչ:
Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ ղեկավարութիւնը մտադիր է զինուորական գործողութիւններ կատարել, այնքան ատեն որ Տոնպասը չէ ազատագրուած «միլլիմեթր առ միլլիմեթր»: Պատերազմը կրնայ մինչեւ 2035 թուական տեւել:
«Այս պատերազմը Ռուսիոյ հետ վերջին պատերազմը չէ: Ինչպէս Իսրայէլն ու արաբները հինգ մեծ պատերազմներէ անցան, մինչեւ որ հասկցան, որ այս գործելաոճերը չեն յաջողիր, եւ պէտք է անցնիլ այլ գործելաոճերու: Այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեզի հետ: Չեմ գիտեր` հինգ զինուորական բախում կը պահանջուի՞, սակայն մինչեւ 2035 թուական քանի մը զինուորական բախումներ երաշխաւորուած են: Ատիկա կը նշանակէ բախում իւրաքանչիւր երկու, եւ հաւանական է` հինգ տարին անգամ մը, եւ մեծ բախումներ իւրաքանչիւր 7-8 տարին անգամ մը», ըսած է Արեսթովիչ:
Անոր կարծիքով` աւելի լաւ է, որ ուքրանացիները, որոնք պատրաստ չեն մնայուն բախումներու, ժամանակաւորապէս լքեն երկիրը:
«Անոնք, որոնք պատրաստ չեն ատոր, որոնք հիմա կը գոռան, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրին եւ մեծցնեն երեխաները, այլ երկիր տեղափոխուելու կարիք ունին: Այստեղ նոր Իսրայէլ է: Միայն ծաւալները աւելի կտրուկ եւ սարսափելի են: Ով որ պատրաստ չէ, կայ Սպանիա եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ: Գացէ՛ք այնտեղ, եթէ պատրաստ չէք», աւելցուցած է Արեսթովիչ:


