Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին անձամբ հետեւեցաւ ալիւրի եւ հացի տագնապներուն լուծման ջանքերուն:
Այս շրջագիծին մէջ ան Մսայլեհի մէջ ընդունեց փուռերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմը, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փուռերուն համար ալիւր ապահովելու կարելիութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ կարգ մը նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Այդ հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ գումար տրամադրել ցորեն եւ ալիւր ապահովելու, որպէսզի փուռերուն աշխատանքը շարունակուի:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի ալրաղացներու սենտիքայի նախագահ Ալի Ռամմալ յայտնեց, որ ալիւրի տագնապը շինծու է, եւ այդ տագնապը այս ժամանակաշրջանին հրահրելու քայլերը կասկածելի են:


