Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 169 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.200 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի նուիրուած պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէատուփերէն ո՛չ միայն դուրս կու գան նորընտիր երեսփոխաններուն անունները, այլ նաեւ` Լիբանանի ինքնութիւնը: Ան մաղթեց, որ ընտրութիւնները ըլլան ժողովրդավարական միջոց մը` հաշուետուութեան կանչելու յանցագործներն ու ձախողները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պատրաստուելու Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն Լիբանան վերադարձը շատ աւելի կարեւոր են, քան` նիւթական օժանդակութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք տագնապին դիմաց անձնատուր պիտի չըլլան, այլ` ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն իրագործելու համար բարեկարգումները:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ երկրին քանդումին հիմնական պատճառը Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող ապօրինի զէնքն է: Ան նշեց, որ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի կատարած յայտարարութիւնը` Լիբանանի սնանկացած ըլլալուն մասին, իրողութիւն է, «սակայն վարչապետ Նեժիպ Միքաթի փութացած է մեղմացնելու անոր ծանրութիւնը», ըսաւ Մախզումի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ  ոմանք կը մերժեն լիբանանեան բանակին հզօրացումը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան զէնքը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ Դիմադրութեան զէնքին դպչիլ, ինչ խորագիրի տակ որ ալ ըլլայ ան: Ան կոչ ուղղեց Դիմադրութեան հետեւորդներուն ու համակիրներուն խիտ շարքերով քուէարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերոնշեալ պատգամը ուղղել ամերիկացիներուն եւ Լիբանանի մէջ անոնց ներկայացուցիչներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդը յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն բանակներէն մէկն է:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան պաշտօնական բանբեր Փիթըր Սթանօ Լիբանանէն պահանջեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծել ելեւմտական համակարգին վերաբերող հարցերը` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը բարեկարգումները իրագործելու հիմնական քայլ է:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւններուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի գոյացուցած համաձայնութիւնը ժողովուրդը աղքատացնելու համաձայնութիւն է:

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Մեր Ժողովուրդին Զաւակներով

Յաջորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Անձամբ Հետեւեցաւ Ալիւրի Եւ Հացի Տագնապին Լուծման Ջանքերուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.