Ուքրանիոյ հետ համաձայնութիւնները պէտք է ամբողջովին բացառեն ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Անհրաժեշտ է բանակցիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ բացառուի ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք, նախ եւ առաջ դէպի Ուքրանիա ընդլայնումը», ըսած է Լաւրով:
Անոր համաձայն, եթէ Ուքրանիան հրաժարի քննարկել ապառազմականացումն ու ապաազգայնականացումը, ապա ատիկա պիտի չնպաստէ բանակցութիւններու շարունակումին:


