Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:
«Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող ընթացիկ կացութեան, ներառեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման շուրջ, քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ կացութիւնը», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


