Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները ընդհանրապէս եւ երիտասարդական, մարզական ու սկաուտական զարգացումները` յատկապէս:
Քննարկումի հիմնական առարկայ դարձան սկաուտական արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք» յայտարարելու թղթածրարը:
Քալլաս Վ. Օհանեան-Գէորգեանէն խնդրեց լիբանանեան պատուիրակութեան ընկերակցիլ Պաղտատ` «Պէյրութը արաբ երիտասարդներու մայրաքաղաք»-ի դրօշը ստանձնելու համար:


