«Երկրի հիւրասրահ»-ը յայտագիրին հիւրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Յայտագիրին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկրի եւ շրջանի խնդիրներուն:
Քննարկուած են Արցախի անկախութեան ճանաչման, Հայաստանի ներքին իրավիճակին, 5 ապրիլին նախատեսուող հանրահաւաքի նշանակութեան եւ այլ հարցեր:
Խօսելով հանրահաւաքին մասին, որ պիտի ըլլայ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումէն առաջ` Սաղաթէլեան նշած է. «Այս հանրահաւաքը շատ կարեւոր կը նկատենք: Կայ Ազրպէյճանի կողմէ 5 կէտերու առաջարկ, հայ-թրքական հոլովոյթ, աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ, նոր ճարտարապետութիւն, որ Հայաստանի համար նոր անորոշութիւններու եւ սպառնալիքներու դաշտ կը բանայ, եւ այս վիճակին մէջ կայ իշխանութիւն մը, որ բազմիցս անգամ ապացուցած է, որ չի կրնար սպասարկել մեր ժողովուրդի, Արցախի եւ Հայաստանի շահերուն: Այս իրավիճակին մէջ ընդդիմութիւնը պարտաւոր է ներկայացնել ելքեր, քայլեր, այս իմաստով այս հանրահաւաքը շատ կարեւոր է ու էական»: «Մենք կ՛ուղղենք այս պայքարը համազգային դարձնելու ճամբով», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:


