Հովանաւորութեամբ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ ՋԱՀ յանձնախումբին, Լիբանան գտնուող արցախցի պատանիները կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին այցելեցին Այնճար, ուր ունեցան միօրեայ ծրագիր եւ ելոյթ ունեցան այնճարցի հայորդիներուն դիմաց:
Պատանիները ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին ընկերակցութեամբ անոնք հերթաբար այցելեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակ Գէորգ Հաճեանի բնակարանը, Մուսա Լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան, Այնճար «Արթ Կալըրի», գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարան, Այնճարի պատմական բերդ, եւ վերջապէս` «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կազմակերպութեամբ կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ղօղանջ վերապրումի» երաժշտական ձեռնարկը, որ սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբին ատենապետ տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան, որ հաստատեց, որ Արցախը վերապրումի կարիք չունի, որովհետեւ Արցախը անմահ է: «Վերապրումի այս ղօղանջը մեզի համար է, մեզ ապրեցնելու համար է, Արցախով ապրելու համար է, Արցախը չմոռնալու եւ Արցախը չլքելու համար է: Արցախը մեր յաղթանակի խորհրդանիշն է, որ, թէեւ այսօր վիրաւոր է, սակայն բնաւ պարտուած չէ: Պարտուածը այսօրուան իշխանութիւնն է, որ անցողակի է, փոփոխական է», յայտնեց ան:
Ապա խմբավար եւ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեան ներկայացուց յայտագիրը, իւրաքանչիւր մասնակիցի մասին տեղեկութիւններ տալով հրաւիրեց զանոնք բեմ:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան դաշնակահար Նատեժտա Յակոբեան, երգ` Աննա Դանիլովա, Կարէն Յարութիւնեան, Վլատիմիր Գալստեան, ասմունք` Լիա Մանասեան, քանոնահար Աստղիկ Յովհաննէսեան, տհոլահար Տիգրան Աւագեան, շեփորահար Արսէն Սաֆարեան եւ տուտուկահար Կարէն Եսայեան:
Աւարտին խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արմէն Յովսէփեան, որ նշեց, թէ իրենց միակ յոյսն ու ապաւէնը Աստուած է, եւ իրենք պիտի շարունակեն ազատ ապրիլ Արցախի հողին վրայ: Ապա իր երախտագիտական խօսքերը ուղղեց ՋԱՀ յանձնախումբին, որ Լիբանանի այս տագնապալի կացութեան մէջ հիւրնկալեց Արցախի պատանիները եւ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի ժողովուրդին, որ ջերմօրէն քաջալերեց ձեռնարկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ բեմ հրաւիրելով կոմիտէի ներկայացուցիչը յուշանուէր մը յանձնեց անոր:
Աւարտին Արցախի պատանիները հաւաք մը ունեցան «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ` Այնճարի ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան երէց պատանիներուն հետ խանդավառ պահ մը ունենալով:
Պատանիները Այնճարէն վերադարձան վառ յիշատակներով:


