Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի վնասուածք մը ստացաւ Չիլիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
35 տարեկան Քաւանի, որ ոտքի վնասուածք մը ստացաւ, 29-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Քաւանի, որ ցարդ իր ակումբին հետ կատարած է 17 մրցում, մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ:


