31 մարտ 2022-ին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանին, համախոհութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայի վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ` ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:
Բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, ասոր վկայութիւնն է բոլոր հինգ շրջանային խումբերը ներկայացնող երկիրներուն կողմէ անոր համահեղինակութիւնը:
Այս տարի բանաձեւը կը բարձրացնէ տարբեր խնդիրներ, ինչպէս` տագնապի վտանգներու գնահատման եւ անոնց կանխարգիլման վերաբերող քայլերու ձեռնարկումը, նոր արհեստագիտութիւններու օգտագործումը, որոնց կարգին` ընկերային հարթակներու միջոցով ապատեղեկատուութեան տարածման վտանգները, կը վերահաստատէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համագումարի համընդհանուր վաւերացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Բանաձեւը կ՛առաջարկէ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ կազմակերպել համաժողով մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ համագումարի 75-ամեակին: Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ քննարկել ընկերային հարթակներու եւ զանոնք իբրեւ ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը:


