ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ,
Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած
Ու այն տարիները չհասած,
Որոնց մէջ պիտի ըսես` «Անոնց չեմ հաւնիր»,
Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած
Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած»
Ժողովողի 12:1
Մեր իրականութեան մէջ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, աշխուժ մասնակցութիւնը, ստեղծագործ միտքն ու նորարար գաղափարները մեր կառոյցներուն կեանք կու տան եւ առհասարակ կ՛ապահովեն անոնց գոյատեւումը: Մէկ խօսքով, երիտասարդութիւնը ազգին ու եկեղեցւոյ բաբախուն սիրտն ու արիւն ներարկողն է: Որքա՜ն հոգեպարար է, ուրախալի եւ նոյն ատեն ոգեշնչող, երբ երիտասարդները Աստուծոյ ծառայութեան ընդառաջ կ՛երթան` անսալով Դաւիթ թագաւորին գոհաբանական սաղմոսին` «Տիրո՛ջ աղաղակեցէք ամբո՜ղջ աշխարհ: Ուրախութեա՜մբ ծառայեցէք Տիրոջ, ցնծութեան երգերով եկէք անոր ներկայութեան» (Սաղմոս 100:1-2): Եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան եւ առանցքային դերին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2009-ին «Երիտասարդութեան տարի» հռչակագիրին մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ` «Հայ երիտասարդը Աստուծմով պէտք է զօրանայ, զԱստուած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ արեան վկայութեամբ կենդանի ներկայութիւն դարձուցած իր եկեղեցւոյ շունչով ու աղօթքով պէտք է աճի, իր ազգային արժէքներուն վահանով պէտք է դիմադրէ նոր ժամանակներուն վտանգներուն` հեռու մնալով այնպիսի բարքերէ ու երեւոյթներէ, որոնք կը խաթարեն մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ու կ՛աղարտեն մեր ազգային դիմագիծը»:
Պատանի ու երիտասարդ տարիքէն իր Ստեղծիչը յիշելու եւ Անոր տան Աստուծոյ ծառայութեան ընդառաջ երթալու կենդանի օրինակ հանդիսացաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ Պետիկ սրկ. Յովհաննէսեանի կեանքը, որ կը ցոլար Քրիստոսի սիրով, խոնարհութեամբ եւ քառասնամեայ նուիրեալ ծառայութեամբ:
Քրիստոնէական եւ բարեպաշտ Նազարէթ եւ Մարի Յովհաննէսեաններու հինգ անդամ հաշուող ընտանեկան տաքուկ բոյնին մէջ ծնունդ առած երկրորդ զաւկին` Պետիկին քայլերը պատանութենէն առաջնորդուեցան Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր անոր սրբազան կամարներուն ներքեւ իր հրեշտակային եւ դիւթիչ ձայնով զԱստուած փառաբանեց աւելի քան քառասուն տարիներ:
Ան ծնած է 16 յունիս 1966-ին: Յաճախած է Վահան Թէքէեան եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանները, ապա նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ զբաղած` ոսկերչութեամբ եւ ամբարձիչի (վինճի) մալուխներու հիւսքի գործով:
Հուսկ, 1999-ին իր կեանքի ընկերոջ` համեստափայլ Լիզա Տեմիրճեանին հետ կազմեց ընտանեկան բոյնը, եւ անոնք բախտաւորուեցան մէկ մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներով:
Պետիկ սարկաւագ իր հոգեւոր ծարաւը յագեցուցած է նաեւ յաճախելով Հայ եկեղեցասէր հոգեւոր միութեան, ապա Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութեան աղօթարանները:
25 դեկտեմբեր 2012-ին` Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին Պետիկ Յովհաննէսեան սարկաւագ կը ձեռնադրուի` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Պետիկ սարկաւագին համար Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին իր երկրորդ ընտանիքն էր: Ան իր համերաշխ, լաւատես, դրական, ուրախ բնաւորութեամբ եւ աստուածավախ ու ծառայասէր կեանքով գրաւած էր բոլորին սրտերը եւ սիրուած ու յարգուած` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքէն: Իրեն համար չկար փոքր կամ մեծ ծառայութիւն, այլ բոլորը համահաւասար էր: Իսկ իր առողջական վիճակը երկրորդական սեպելով` միշտ առաջնահերթութիւնը կ՛ընծայէր եկեղեցի երթալը եւ ծառայելը իբրեւ սարկաւագ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ խորանին: Ասոր ակներեւ փաստը այն էր, որ իր մահէն քանի մը օր առաջ Սրբոց Վարդանանց տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին, ապա նաեւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին կազմակերպած սիրոյ սեղանին մասնակցեցաւ, կարծէք ձեւով մը ցտեսութիւն ըսաւ իր երկրորդ ընտանիքին: Այդ օր, իր սեղանակիցներուն իսկ վկայութեամբ, տարօրինակ ուրախութիւն մը կը պարուրէր Պետիկ սարկաւագին էութիւնն ու հոգին: Ան քանի մը օրեր ետք` Բարեկենդանի օրը հրաժեշտ տուաւ կեանքին եւ միացաւ երկնային ուրախութեան:
Պետիկ սարկաւագին բնորոշ յատկանիշներն էին` համերաշխութիւնը (ան չէր սիրեր անհամաձայնութիւնը), աղօթքը, ծառայասիրութիւնն ու ջանասիրութիւնը, ան նախապատուութիւնը Աստուծոյ տաճարին կ՛ընծայէր եւ ուրախութեամբ կ՛աղօթէր ու կը ծառայէր, նաեւ` ընկերասիրութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը, ան կը սիրէր բոլորը քրիստոնէական անկեղծ սիրով եւ կը սեպէր իր եղբայրներն ու քոյրերը, յետոյ` աշխատասիրութիւնը եւ պարկեշտութիւնը իր գործին մէջ, ինչ որ զինք սիրելի եւ փնտռուած անձնաւորութիւն դարձուցած էր եւ վերջապէս հաւատարիմ, տիպար ամուսին էր իր կնոջ` Լիզային եւ զոհուած ու գուրգուրոտ հայր` իր երկու սիրասուն հոգեհատորներուն` Մուշեղին եւ Մեղեդիին:
Պետիկ սարկաւագին այս աշխարհէն անակնկալ եւ անժամանակ մեկնումը խոր սուգի մատնեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, իր ընտանիքը, հարազատներն ու բարեկամները: Այսուհանդերձ, յարութեան հաւատացող ժողովուրդ ըլլալով, այն վստահութիւնը ունինք, որ իր մաքուր հոգին կը սաւառնի երկնակամարին վրայ` այս աշխարհի վրայ ապրողներուս յիշեցնելով Աստուածաշունչի «Ժողովող» գիրքի մէջ գրուածը` «Ունայնութիւն ունայնութեանց» եւ մենք` երկրայիններս իբրեւ բարի ու տիպար քրիստոնեայ ապրելու հրամայականին ականջալուր ըլլալու:
Հոգիդ երկնային լոյսերու մէջ հանգչի, եղբա՛յր Պետիկ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:


