Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռացած Ընկերներ, Դուք Բարի Աչքեր. Մասթըրին, Դրոյին Եւ…

March 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ես ինչպէս մոռանամ հոգիները ձեր բարի,
Իմ կեանքն էք դուք եղել, ամէն վայրկեան.
Թռչում եմ ես մտքով, օրերը մեր անցեալի
Ինչ քաղցր էք հեռացած ընկերներ:

Նուիրեալները ժամադրուած էին անցեալ տարի` օրերու կամ շաբաթներու տարբերութեամբ մեզ առանձին ձգելու եւ բաժնուելու մեզմէ, թերեւս աւելի «հանգիստ» կեանք մը ապրելու համար:

Եւ այսօր, իրենց մեկնումէն տարի մը ետք, տարելիցի հոգեհանգստեան առիթով մամուլով հրապարակուած խօսքերը վերյիշում են չմոռցուած այս ընկերներուն մասին, որոնց բացակայութիւնը չսպիացող վէրք կը մնայ մեր կեանքին մէջ:

Մեր քաղցր հեռացած ընկերներ:

Անուններ են անոնք. Գառնիկ, Սահակ, Ապրօ, Բիւզանդ, Տիգրան, Յովսէփ, Արմէն, Կրեկուար եւ դեռ… տասնեակ երիտասարդներ, հայրեր, եղբայրներ, մայրեր թէ քոյրեր, զաւակներ:

Եւ դեռ բազո՜ւմ, բազում ընկերներ:

«Հեռացած ընկերներ, յաւերժական յուշեր,
Երազների միջից դուք բարի աչքեր»:

ՄԱՍԹԸՐ ԿԱՐՈՆ

Տարի մը անցաւ արդէն, բայց բամբ ձայնդ, փոթորկային մուտքդ դռնէն ներս, աշխուժ, կորովի, խանդավառ, հպարտութիւն եւ խիզախութիւն ներշնչող ու վարակիչ կեցուածքդ դեռ մեր մտապատկերին վրայ են:

Ու աչքերդ…

Պայքար եւ յաղթանակ ճառագայթող աչքերդ:

Այդ աչքերդ,

Կրակ ժայթքող ու բարի աչքերդ

«Երազների միջից դուք բարի ադչքեր»:

Երկար, շա՜տ երկար պէտք է գրուի քու մասիդ: Պէտք է վերադառնալ գէթ վերջին 50 տարուան մեր պատմութեան էջերուն, որպէսզի հոն պեղենք քու դերակատարութիւնդ ու ներդրումդ մեր հաւաքական կեանքի ամրապնդման եւ Հայ դատի պայքարի ուժականութեան վերընձիւղման գործընթացին մէջ:

Սերունդներու հոգեմտաւոր, պայքարող մարտունակութեան, ընկերասիրութեան, անձնուրաց նուիրուածութեան լաւագոյն դաստիարակն էիր:

Կը բաւէ արձանագրել, որ ներկայ էիր Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, Դաշնակցութեան` Հայաստանի մէջ վերընձիւղման, Արցախի ազատագրութեան, քառօրեայ պատերազմին եւ Արցախի յանձնումի դաժան կռիւներուն:

Դուն ՀՅ Դաշնակցութեան ոչ միակ, բայց իւրայատուկ «խենթ»-ն էիր:

Իրա՛ւ դաշնակցական ընկերը:

Յուշ չես կրնար ըլլալ, այլ` մնայուն ներկայութիւն:

ԴՐՕ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆ

Միւս «խենթ»-ը` սքանչելի այն տղան, որ հեռացաւ անաղմուկ, այնպէս, ինչպէս իրեն շնորհուած կեանքին մէջ գործեց անաղմուկ «բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն»…»:

Սիրելի՛ Դրօ,

Կորուստդ միայն ծնողքիդ եւ ընտանեկան պարագաներուդ համար կոտտացող ցաւ չէ:

Դուն ծնողքիդ եւ ընտանիքիդ համար չէ, որ ապրեցար կեանքիդ յարաբերաբար կարճ տեւողութեան ընթացքին:

Կեանքիդ կարճ տարիներուն դուն տուիր համեմատաբար բազմապատիկ աւելին: Երբեմն հասար աներեւակայելի նուիրուածութեան:

Նեղեցիր ինքզինքդ` ուրիշին, ընկերոջդ կամ քու սիրած միութեանդ կողքին կենալու համար:

Զրկեցիր ինքզինքդ ու ընտանիքդ, բայց եղար զօրավիգ ու նեցուկ այլոց:

Պաշտեցիր ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Եւ ինչպէս մոռնամ աչքերդ այդ բարի, աչքերդ ճառագայթող, երբ երդում տուիր Դաշնակցութեան շարքերուն միանալու եւ քու ընկերներուդ հետ, աջ ձեռքդ վեր, բարձր ձայնով խոստացար. «Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրին, կանոնագրին եւ որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Քու երդումդ տարբեր էր:

Դուն արդէն կը ծառայէիր ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլ նաեւ քու ժողովուրդիդ: Երդումդ, սակայն, տարբեր էր, յաւելեալ յանձնառութեան, վերանորոգ վճռակամութեան, ամրացող հաստատակամութեան եւ վաղը անպայման պայծառ, յաղթական տեսնելու երդում էր:

Այս բոլորը քու աչքերուդ մէջն էին, բարի աչքեր, յոյս, հաւատք, նուիրում, յաղթանակ ներշնչող աչքեր:

Անժամանակ բաժանումդ մեզմէ, մեր բոլորին, տխրութենէն եւ սուգէն անդին պինդ մնալու եւ անկարելին կարելի դարձնելու մարտահրաւէր է:

* * *

Եւ այսօր, դժխեմ այս օրերուն, հետզհետէ անապատացող մեր իրականութեան մէջ ովասիսի փնտռտուքը կ՛առաջնորդէ մեզ` տակաւին ապրողներս, վերյիշել մեր հեռացած ու աննման ընկերները, բարեկամները, անոնք, որոնք իրենց ճակտի քրտինքը, արեան կաթիլը, բարոյական թէ նիւթական նեցուկը անձնուրացութեամբ նուիրած են մեր ժողովուրդին, ու կրկնել երգին բառերը.

«Երգում եմ այս երգը ափոսանք իմ սրտի,
Ա՜խ ինչքան դժուար է ընկեր գտնելը:
Բայց ծանր է, շատ ծանր է ընկեր կորցնելը,
Ինձ լոյս էք հեռացած ընկերներ»:

Մենք ձեզ չենք կրնար մոռնալ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Թատրոնի Միջազգային Օրը Եւ Լիբանանահայ Թատրոնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.