Վաղը` շաբաթ, 26 մարտին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ կը սկսի Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը:
Հայրենի կազմը, գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեանի, Վրաստանի մէջ կատարեց ուսումնամարզական հաւաք մը, որմէ վերադարձաւ երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտին:
Այդ հաւաքին մասնակցողներէն հինգը` Մարտին Բադալեան (60 քկ), Դաւիթ Աբրահամեան, Ստեոտա Դարբինեան (66 քկ), Արտակ Թորոսեան եւ Անդրէաս Յարութիւնեան (73 քկ), պիտի մեկնին Աթէնք` մասնակցելու համար այս մրցաշարքին:
Անոնց պիտի ընկերակցի մարզիչ Դաւիթ Խաչատրեան:


