Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Նուիրեալ Ու Տիպար Դրոն Կը Մնայ Մեզի Հետ (Դրօ Մանտալեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով)

March 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Արդէն իսկ տարի մը անցաւ Դրոյի մահուան: Զարմացած չեմ տարի մը անցնելուն. իւրաքանչիւր օր տարուան մը նման երկար էր եւ ծանր` զայն սիրողներուն, անոր մտերիմներուն, հարազատներուն եւ ինծի համար, իրապէս դժուար էր ընդունիլ իրականութիւնը.

Կորուստ է բոլորին: Նախ` իր հարազատ ընտանիքի անդամներուն, զորս կը սիրէր ամէն բանէ աւելի, ապա ՀՄԸՄ-ի եւ մասնաւորապէս` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքին, որուն ծառայելով բեռնաւորուած էր վերջին քանի մը տարիներուն: Համեստ, հաւատարիմ հայր, անշահախնդիր ընկեր եւ խոհեմ անձ մըն էր Դրոն: Շահած էր բոլորիս վստահութիւնը իր անկեղծ մօտեցումով: Իր որոշումներուն պատասխանատու անձ մը, որ ճիգ չէր խնայեր բոլորին հարցերով զբաղելու եւ օգտակար դառնալով բոլորին` իր շինիչ ցուցմունքներով:

Դրոն եղաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ. տարիներ շարունակ գործած է մասնաճիւղին մէջ` իբրեւ վարչական, տարբեր յանձնախումբերու անդամ, իր կարելին ընելով Անթիլիասի շրջանի լայնածաւալ գործունէութիւնը լաւագոյնս պահելու համար: Բազմավաստակ գործունէութիւնը շարունակելով` ան գործով, հետեւողական աշխատանքով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի աղջկանց Ա. դասակարգի նեկայացուցչական խումբին: Կը յիշեմ` մինչեւ իր  վերջին օրերը նոյնիսկ կը մտածէր եւ կարելին կ՛ընէր խումբին գոյատեւման համար` հակառակ դժուար պայմաններուն: ՀՄԸՄ-ը միշտ իր մտքին ու սրտին մէջ էր, եւ մինչեւ իր վերջին շունչը ան մնաց հաւատարիմ այս միութեան, անոր  նպատակին եւ սկզբունքներուն: Միութենական կեանքի օրինակելի անձնաւորութիւն էր եղբայր Դրոն:

Անցեալ տարի, այս ատեն, երբ ստացայ կեանքի ընկերոջս մահուան լուրը,  առանց վարանելու առաջին գործս եղաւ` իբրեւ Անթիլիաս մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, անձական նախաձեռնութեամբ կապուիլ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` առաջարկ մը կատարելու համար. յետմահու «Ծառայութեան» շքանշան…  Վստահ էի, որ մասնաճիւղի վարչութիւնը համամիտ պիտի գտնուի առաջարկին,  իր կարգին Շրջանային վարչութիւնը լաւապէս ճանչնալով եղբ. Դրոն ու միութենական կեանքի մէջ անոր ունեցած անսակարկ ներդրումը, ճիգ չխնայեց այս աշխատանքի իրագործման: Օրին ասիկա մեզի ընձեռուած լաւագոյն միջոցն էր, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնէինք բոլորիս շատ սիրելի ՀՄԸՄ-ական հաւատարիմ եղբօր:

Աւելի ծանր պարտականութիւն եղաւ օրին` հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել Դրոյին: Խօսքիս մէջ յիշած էի Պետրոս Դուրեանէն հետեւեալ տողը.

«Եթէ հնչէ տխուր կոչնակ,
Դագաղս առնէ իր յամր քայլ,
Գիտցէ՛ք, որ դեռ կենդանի եմ»:

Կը վստահեցնեմ, որ մեր գաղութը մինչեւ այսօր տխուր է, որովհետեւ կորսնցուց նուիրեալ հայորդի մը: Բայց նաեւ վստահ եմ, որ Դրոն միշտ ներկայ է, որովհետեւ անոր նուիրումը, ՀՄԸՄ¬ականի տիպար կեցուածքը, ինչպէս նաեւ ընկերասիրութիւնը զինք կենդանի պիտի պահէ մեր միտքերուն եւ յիշողութեան մէջ:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ քեզի դրախտային լոյսի մէջ պահէ սիրելի՛ եղբայր, ծով համբերութիւն եւ մխիթարանք պարգեւէ ընտանիքիդ, հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ:

 

 

Նախորդը

Արմէնը Կեանք Էր… (Արմէն Թագւորեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

«Ինչո՞ւ Միշտ Անմեղներն Են Ամէնէն Շատ Տառապողները, Երբ Դուք` Բարձր Իշխաններդ, Ձեր Գահերու Խաղը Կը Խաղաք»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.