Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէնը Կեանք Էր… (Արմէն Թագւորեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

March 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 

Արմէնը կեանք էր. այսպէս կը վկայեն անոր մօտիկ ընկերները, որոնք նաեւ եղբայր կը կոչեն զինք:

«Միուզիք փիփըլ»-ին մաս կազմող Արմէնը այն բարի, աշխատասէր ու ծառայասէր նկարագիրով երիտասարդն էր, որուն նպատակն էր աշխատանքը լաւագոյն ձեւով կատարել:

Ի՛նչ ալ ըլլար ստանձնուած աշխատանքը, Արմէնը, անկախ իր աշխատանքը բարձր արհեստավարժութեամբ կատարելէ, բոլորին օգնող ու բոլորին հասնող այն անհատն էր, որուն դիմաց բոլոր հարցերը անպայման լուծումներ կ՛ունենային:

Անոնք կ՛ըլլային այնպիսի լուծումներ, որոնք կը բաւարարէին ու կը գոհացնէին բոլորը:

Իր անկեղծութեամբ կը փորձէր իւրաքանչիւր ձեռնարկ յաջողցնել այբէն մինչեւ Օ-Ֆէ` ամենայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ:

Արմէնին հանդէպ իմ անձնական ծանօթութիւնս կու գայ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի կազմակերպած տարբեր ձեռնարկներէն, որոնց ընթացքին գործակցած եմ անոր հետ:

Կրնամ վկայել, որ Քարոզչական մարմինը միշտ ալ մէկ մարմինի պէս եւ կատարեալ ներդաշնակութեամբ աշխատած է Արմէնին ու «Միուզիք փիփըլ»-ի անձնակազմին հետ:

Նուազագոյն խտրութիւնը չէ եղած այդ աշխատանքներուն ընթացքին:

Նոյն վկայութիւնը կ՛երթայ նաեւ լիբանանահայ գաղութի տարբեր միութիւններու ձեռնարկներուն, երբ ան նոյնքան նուիրումով ու կենսունակութեամբ կ՛աշխատէր:

Արհեստավարժ ըլլալու, բարձրորակ ծառայութիւն մատակարարելու եւ աշխատանքը կատարեալ հեզասահութեամբ գործադրելու կողքին, Արմէնը իր ճկունութեամբ, միտքով, խղճով, հոգիին խաղաղութեամբ եւ լայն ժպիտով շահած էր իր շրջապատին վստահութիւնն ու համակրանքը:

Վստահելի ընկերոջ մակդիրը ամէնէն սովորականն էր Արմէնին պէս լայնասիրտ մարդուն համար, որ իր կատակասիրութեամբ ու կենսունակութեամբ կը դիւրացնէր իր մօտիկներուն եւ հարազատներուն կեանքերը, կը բարձրացնէր անոնց տրամադրութիւնը, իր խորհուրդներով ուղղութիւն կու տար բոլորին` յաջողութիւններ արձանագրելու:

Մարդկօրէն ու ասպարէզի մէջ լաւին ձգտելու իր նկարագիրով կը վարակէր բոլորը: Փափկանկատ էր ու ոչ ոք կը նեղացնէր:

Անոր անժամանակ մահը ամէնէն աւելի իր ծանր ու վատ ազդեցութիւնը ունեցաւ անոր ընտանիքին վրայ, որովհետեւ ան գուրգուրոտ հայր էր, սիրող ամուսին եւ հոգատար զաւակ:

Իր ընտանիքին անդամներուն հասնող ու անոնց ուրախութեան համար ամէն զոհողութիւն ստանձնող, աշխատասէր Արմէնը ոչ միայն գանձ մըն էր իր ընտանիքին համար, այլ նաեւ գաղութին, որովհետեւ կը գործէր մեծ նուիրումով, յատկանիշ մը, որ օրըստօրէ կը նուազի:

45 գարուններ անցուցած Արմէնը շատ երազներ ունէր: Անոնց մէկ մասը իրականացած էր, իսկ մեծ մասը` մնացած կիսատ:

Կեանքէն շնորհակալ, բոլորին ճիգերը նշմարող եւ գնահատող, լաւատես եւ կեանքի դժուարութիւններուն առանց բողոքելու տոկացող Արմէնը այնքան հարազատ է, որ իր ընկերները իր լուսանկարը կը պահեն իրենց տուներուն մէջ` հաստատելով, որ անոնք օրական դրութեամբ կ՛ապրին անոր յիշատակով եւ արձանագրուած իւրաքանչիւր դէպքի կամ զարգացումի պարագային կը մտածեն հետեւեալը. «Հիմա Արմէնը այնպէս կ՛ըսէր, հիմա Արմէնը այսպէս կը վարուէր»:

Բոլորին պսակի խրախճանքը ծրագրող, ուրախութիւն պարգեւող Արմէնը, որուն երազն էր Կալիին հետ ունենալ հօր ու դստեր հարսանեկան պարը, մեկնեցաւ անվերադարձ…:

Ցաւը մեծ է, վիշտը խոր, սակայն կեանքը կը շարունակուի:

Այնքան կենսունակ ու հարուստ յիշատակներ ձգած Արմէնին ընտանիքին մխիթարութիւն, ուժ եւ համբերութիւն` վառ պահելու իրենց հարազատին յիշատակը եւ ամբողջացնելու անոր կիսատ ձգած երազներէն գէթ ինչ որ կարելի է:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Արմէ՛ն:

Յիշատակդ պիտի մնայ անթառամ:

 

 

Նախորդը

Պատանի ՀՄԸՄ-ականի Մը «Երազը» (Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ական Նուիրեալ Ու Տիպար Դրոն Կը Մնայ Մեզի Հետ (Դրօ Մանտալեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.