23-25 մարտին Եգիպտոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու 10-րդ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքը:
Անոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի լրագրողներու հաւաքականը:
Նշենք, որ Հայաստան 2019-ին եւ 2021-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Առաջին անգամ ըլլալով անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր, ինչ որ կը նկատուի մրցանշային:


