Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Արցախի մէջ կազի մատակարարման դարձեալ խափանման վերաբերեալ յայտարարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պաքուն Երեւանին խորհուրդ կու տայ «անհիմն» յայտարարութիւններ չընել եւ «չմիջամտել Ազրպէյճանի ներքին գործերուն»:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձէ միջամտել Ազրպէյճանի ներքին գործերուն` օրեր առաջ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին միջազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեան, իսկ հիմա` այլ նիւթով», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա:
«Մենք Հայաստանին խորհուրդ կու տանք ապահովել եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, ներառեալ շրջանէն զինեալ ուժերու մնացորդներու հեռացումը, եւ ատով իսկ նպաստել շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան, անհիմն եւ ապօրինի մեղադրանքներ չհնչեցնել», կը նշուի Ապտուլայեւայի յայտարարութեան մէջ:


