Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանէն Եւ Ռուսիայէն Ետք` Չինաստան Եւս Չի Մասնակցիր Այսօր Թունուզի Մէջ Տեղի Կ՛Ունենայ «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովը

February 24, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռաֆիք Ապտել Սալամ

Այսօր Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին արաբական եւ օտար բազմաթիւ երկիրներ: Մինչ Լիբանան յայտարարեց, որ մեկնելով իր հաստատ կեցուածքէն, «ինքզինք զանց կը կացուցէ» խորհրդաժողովի մասնակցութենէն, Ռուսիա յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի այդ խորհրդաժողովին: Երէկ Չինաստան Ռուսիոյ միանալով յայտարարեց, որ Թունուզի մայրաքաղաքին մէջ այսօր նախատեսուած խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցի:

Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Ռաֆիք Ապտել Սալամ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն շարքին են Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը եւ սուրիական ընդդիմադիր մնացեալ խմբակները: Ան ընդգծեց, որ «խորհրդաժողովը Թունուզի մէջ կը գումարուի այն պայմանով, որ անկէ Սուրիոյ մէջ զինուորական արտաքին միջամտութեան որոշում մը պիտի չբխի, եւ արաբական լուծումը ըլլայ որեւէ նախաձեռնութեան հիմքը»:

Թունուզի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ «չենք ուզեր, որ Սուրիան մէկ այլ Իրաքի վերածուի, եւ կը ջանանք արաբական նախաձեռնութեան հիմամբ լուծում մը ապահովել»:

Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չինացի իր գործընկերոջ` Եանկ Ժի Չիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը արգիլելու միջոցները: Անոնք հաստատած են, որ Սուրիոյ հարցին նկատմամբ իրենց երկիրներուն կեցուածքները կը համընկնին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Մոսկուա եւ Փեքին շարունակ կոչ կ՛ուղղեն Սուրիոյ մէջ բոլոր տեսակի բռնարարքները անմիջապէս կասեցնելու, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ համապարփակ երկխօսութեան ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը բացառելու: Երկու նախարարները քննարկած են նշեալ նպատակներու իրականացման համար պէտք եղած քայլերը:

Ըստ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը ՄԱԿ-ի Հոմս մուտքը արտօնել, իսկ սուրիական վարչակարգէն անմիջական զինադադար հաստատել պիտի պահանջէ: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Նիւ Եորքի մէջ դիւանագիտական հաւաստի աղբիւրներէ ստացած է Թունուզի խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուելիք հաղորդագրութեան երկու առաջարկներ, որոնցմէ մէկը բրիտանական է, իսկ միւսը` քաթարական: Անոնք իրարու նման են, սակայն քաթարականը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ սուրիական վարչակազմին դէմ անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրելու:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խմբակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն պիտի պահանջէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին մարդասիրական միջանցքներ բանալ: Եւրոպացի դիւանագէտներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ մարդասիրական միջանցքներ բանալու վերջերս Ֆրանսայի առաջարկած գաղափարի` առանց զինուորական ուժի դիմելու գործադրութիւնը դժուար պիտի ըլլայ, եթէ սուրիական վարչակարգը իսկական գործակցութիւն չցուցաբերէ: Դիւանագէտ մը նշած է, որ այդ մէկը միջանցքի «պաշտպանութիւն պիտի պահանջէ»:

Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը Ուաշինկթընի մէջ իր սեփական աղբիւրները վկայակոչելով հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ հետ «սուրիական տագնապին մէջ զինուորական միջամտութիւն կազմակերպելու» հարցով խորհրդակցութիւններ կը կատարէ: Կայքէջը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այդ հարցով պիտի զբաղի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Թունուզէն վերադարձին, որովհետեւ Օպամա կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Քաթարը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պատրաստ են արեւմտեան հաւանական զինուորական միջամտութեան զօրավիգ կանգնելու:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան իր ընդդիմութիւնը յայտնեց: Ան կասկած յայտնեց, որ վարչակարգերու տապալումը արաբական երկիրներու մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի հաստատէ: «Մենք կը տեսնենք, որ արդիւնքը մեր ակնկալածին հակառակն է», ըսաւ ան: Ան աւելցուց, որ ոչ ժողովրդավարական երկիրներէ կազմուած Արաբական լիկայի կողմէ ժողովրդավարութիւն պահանջելը հաւաստի չէ:

Մինչ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հոմսի մէջ օտար լրագրողներու սպանութիւնը «ահաբեկում» նկատեց, Դամասկոս մերժեց այն յայտարարութիւնները, որոնք զինք «սեփական  պատասխանատուութեամբ իր հողերը ներթափանցած» լրագրողներու սպանութեան համար յանցաւոր կը նկատեն:

«Նաշրա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ արեւմուտքցի դիւանագէտ մը յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ օտար դրամանիշերու պահեստը վարչակարգին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով «երեքէն հինգ ամիս ետք» պիտի սպառի: Ան ըսած է, որ Սուրիոյ օտար դրամանիշերու պահեստը տկար է եւ ամսական երեք միլիառ տոլարի վնաս կը կրէ` ընդգծելով, որ պիտի գայ ժամանակ, երբ սուրիական դրամանիշը պիտի քայքայուի:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Տերսիմի Ջարդերը Ուսումնասիրելու Համար Ենթայանձնախումբ Ստեղծուած Է

Յաջորդը

Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն 100 Կործանիչ Պիտի Գնէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.